Իբրեւ պատասխան Իսրայէլի վրայ 1 Հոկտեմբերին կատարուած Իրանի՝ հրթիռներով յարձակումին, 26 Իսրայէլ Հոկտեմբերի կանուխ ժամերուն հարուածեց իրանեան ռազմական դիրքեր։
Ըստ իրանեան պետական լրատու գործակալութեան՝ իսրայէլեան այս հրթիռակոծումը սահմանափակուած էր Թեհրանի արեւմուտքը եւ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող շարք մը ռազմակայաններու վրայ յարձակումով՝ շեշտելով, որ ռազմական կեդրոնները միայն սահմանափակ վնասներ կրած են, մինչ Իսրայէլ կը պնդէ, որ առնուազն 20 թիրախներու վնաս հասցուցած է՝ նշելով, որ թիրախները զինուորական կառոյցներ եւ հեռահաս հրթիռներու արտադրութեան գործարաններ էին։
Աւելի ուշ, Իրան յայտարարեց, որ իսրայէլեան յարձակումը իրանցի երկու զինուորներու մահուան պատճառ դարձաւ։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հիմնուելով ՄԱԿի կանոնադրութեան վրայ՝ խոստացաւ հակադարձել Իսրայէլի յարձակումին, որմէ զերծ մնալու կոչ ըրաւ Բրիտանիոյ վարչապետը։
Լիբանան եւ Սէուտական Արաբիա դատապարտեցին Իսրայէլի յարձակումը։