2024ի Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեանութեան աւարտին, առաջին դիրքը գրաւեց Ֆապիանօ Քարուանա` 4րդ անգամ ըլլալով դառնալով ախոյեան: Սէյնթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, Քարուանա ձեռք ձգեց կարելի 11 կէտերէն 7ն` առանձնաբար գրաւելով առաջին դիրքը:
Ամերիկահայեր Սամուէլ Սեւեան եւ Լեւոն Արոնեան 5.5 կէտեր ապահովելով՝ 5 այլ մրցակիցներու հետ միասնաբար գրաւեցին 2րդ դիրքը:
Ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին մասնակցեցան 12 վարպետներ. մրցանակային հիմնադրամը 250 հազար տոլար էր:
Կիներու մրցումներուն Քարիսա Եիփ ախոյեան դարձաւ: Ամերիկահայ Տաթեւ Աբրահամեան 6րդ դիրքը գրաւեց:
Արոնեան եւ Սեւեան շահեցան 24,667ական տոլար, մինչ Աբրահամեան՝ 5750 տոլար: