Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մը միջոցով դատապարտեց միջազգային ապահովութիւնը վտանգող գործողութիւնները, որոնք նաեւ դրսեւորուեցան նախորդ շաբաթ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ:
Շուրջ ամիսէ մը ի վեր, Լիբանանի վրայ, ուր մեծաթիւ հայկական ներկայութիւն կայ, իսրայէլեան զանազան տեսակի բուռն եւ անհամաչափ յարձակումներուն դիմաց ոչինչ դրսեւորած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանի վրայ յարձակումին անդրադարձող յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք աւելի լայն տարածաշրջանում տեղի ունեցող զարգացումներով: Յոյսով ենք, որ դիւանագիտութիւնը հնարաւորութիւն կը տայ պաշտպանել միջազգային իրաւունքը եւ կանխել հետագայ անցանկալի զարգացումները»։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս տարուան Յունիսին, հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտարարեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը, եւ մերժեց Կազայի վրայ զինեալ յարձակումներուն ընթացքին քաղաքային ենթակառոյցներ թիրախ դարձնելը, բնակչութեան դէմ բռնութիւնները , ինչպէս նաեւ միացաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն` Կազայի մէջ անյապաղ զինադադար հաստատելու: