
Նետերլանտներու Նիուվեխայն քաղաքի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ, 19 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի ձեռամբ կատարուեցաւ խաչքարի մը օրհնութիւնը եւ օծման կարգը։ Արարողութեան մասնակցեցան Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տարօն քհնյ. Թադէոսեան եւ Մաստրիխտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աստուածատուր քհնյ. Սարգսեանը։
Խաչքար-յուշարձանի հեղինակը խաչքարագործ-նկարիչ Արտակ Համբարձումեանն է. յուշակոթողը կառուցուած է բարերար Արմէն Աւանեսովի աջակցութեամբ։ Անիկա նուիրուած է հոլանտացի բարեկամ ժողովուրդին՝ իբրեւ նշան հայ համայնքի բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան։


Օրհնութեան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթոր Պիակով, Նիուվեխայնի քաղաքապետ Մարայկէ Վան Պէուկերինկ՝ իր խորհրդական Ճոն Վան Էնկելենի ուղեկցութեամբ, Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, վարչութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Նիկողայոս եկեղեցին եւ Նետերլանտներու հայ համայնքը երկար տարիներ կը պահպանեն ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ։ Եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքին համար ամիսը անգամ մը կը կատարուին Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն եւ հոգեւոր զրոյցներ, որոնք կը կազմակերպուին Տարօն քհնյ. Թադէոսեանի կողմէ։
Յաջորդ օրը՝ 20 Հոկտեմբերին, Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, Խաժակ սրբազանին ձեռամբ թէ պատանիներ եւ երիտասարդներ ստացան դպրութեան, 5 երիտասարդներ՝ կիսասարկաւագութեան աստիճան, իսկ 6 մանուկներ օրհնութիւն ստացան խորան բարձրանալու։
Սրբազանը նաեւ օրհնեց եկեղեցւոյ երգչախումբը համալրած երիտասարդուհիները։ Արարողութեան աւարտին սրբազանը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յանձնեց նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնը, որմով կատարուեցաւ ջրօրհնեաց արարողութիւնը։