17 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Պետական կամերային նուագախումբը ներկայացուց համերգ մը Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ։
Համերգը մաս կը կազմէր միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար աբբահօր մահուան 275ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155 ամեակին ու ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին։ Հայ եւ օտար ունկնդիրներու հոծ բազմութիւն մը այս առիթով ժամանած էր Սուրբ Ղազար։
Մխիթարեան վարդապետ հայր Համազասպ Քէշիշեան բարեգալուստի երկու խօսքով բացաւ երեկոն՝ ստեղծելով ոգեշնչուած մթնոլորտ մը, որուն մէջ հայ ժողովուրդի սրբազան երաժշտութիւնը եւ ֆրանսական շանսոնները ներդաշնակ կերպով միաձուլուեցան։


Յայտագիրը բացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններով, որոնք կը մարմնաւորեն հայկական ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան էութիւնը։ «Գարուն ա», «Շուշիկի» եւ «Կռունկ» խոր յուզումով ընդունուեցան ներկաներու կողմէն, որ եռանդուն ծափահարութեամբ վարձատրեց վսեմ եւ նուրբ մեկնաբանութիւնը։ Յատկապէս, ջութակահար Աստղիկ Վարդանեանի մենանուագը՝ «Կռունկ»ը դիմաւորուեցաւ քար լռութեամբ՝ զմայլացած ժողովուրդին կողմէ։ Կոմիտասի պատարագէն՝ «Հայրապետական Մաղթանք»ը հանդիսաւոր ու խոնարհ երկիւղածութիւն ստեղծեց դահլիճին մէջ։
Համերգին երկրորդ մասը բացուեցաւ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ հնչող «Ազնաւուր Մետլի»ով մը։ Մեկնաբանութեամբ Հայարփի Եղիկեանի (Զիլ ) եւ Սիփան Օլահի՝ (վերերգակ) «Pour toi Arménie» երգը արժանացաւ երկարատեւ ծափողջոյններու եւ նշեց համերգին աւարտը, փակելով այսպէս մեծանուն հայերուն նուիրուած երեկոն, Սփիւռքի մշակութային եւ հոգեկան հայրենիք հանդիսացող Սուրբ Ղազար մայրավանքին մէջ։