
Տիթրոյիթ իր կեցութեան ընթացքին, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ աշակերտներուն կողմէ:
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, վարժարանին աշակերտները ներկայացուցին հայ երգով, պարով եւ արտասանութիւններով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Խօսքեր արտասանեցին դպրոցի տնօրէնուհի Սոնիա Գալֆայեան եւ հայկական բաժինի ուսուցչապետ Սեպուհ Աւետիսեան։
Աւարտին, վեհափառը բարձր գնահատեց վարժարանին տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը՝ իրենց ազգանուէր գործունէութեան համար: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ հայրապետը ըսաւ, թէ հայ դպրոցը, հայ եկեղեցւոյ կողքին, մեր ազգին ինքնութեան պահպանման կռուանը դարձած է: «Մենք հայ դպրոցին մէջ կը հայանանք եւ կը հաղորդակցինք մեր ազգային հարուստ ժառանգութեան հետ: Կարելի չէ պատկերացնել հայ կեանքը առանց հայ դպրոցի ներկայութեան», ըսաւ Արամ Ա., որ նաեւ ընդգծեց, թէ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է. առ այդ, գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Իր խօսքին աւարտին կաթողիկոսը շեշտեց հայակերտման անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբելու տեղ չէ, այլ այն վայրն է, ուր հայը ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն հայ կը դառնայ:
Նշենք, որ վեհափառը առիթը ունեցաւ հանդիպում մը ունենալու բարձր դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնք կաթողիկոսին ուղղեցին իրենց հարցումները՝ երիտասարդութեան դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Դպրոցը այցելութենէն ետք, Արամ Ա. այցելեց դպրոցին կողքին գտնուող Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ Արէն աբղ. Ճէպէճեանի կողմէ եւ իր աղօթքը բարձրացուց եկեղեցւոյ ու ազգի բարօրութեան ու բարգաւաճման համար։
Նոյն օրը, վեհափառը Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Տիթրոյիթի եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին, կաթողիկոսը ըսաւ, որ քոյր կազմակերպութիւններ ըլլալ կը նշանակէ մէկ ընտանիքի անդամ ըլլալ: Այդ ընտանիքը մեր ազգն է: Համայնքը կը դառնայ հզօր եւ կազմակերպ, երբ անոր կեանքին մէջ գործող կառոյցները ներդաշնակօրէն կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը՝ միշտ նպատակ ունենալով համայնքին բարօրութիւնը: Այս առիթով, հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց միութիւններուն տարած աշխատանքին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն իրականացման մէջ: