ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ

Հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը գոյութիւն ունեցած է մեր պատմութեան ընթացքին եւ հայ ժողովուրդը նուագարաններու միջոցաւ փոխանցած է իր կենցաղն ու ազգային ոգին։ Մեր մատենագրութիւններու մէջ գծուած նկարները կը փաստեն, որ հայ ժողովուրդը սիրած եւ օգտագործած է հայկական նուագարաններ դարերու ընթացքին եւ եղած է երաժշտասէր եւ ստեղծարար։
Հայկական նուագարանները կը բաժնուին երեք խումբերու՝ հարուածային, լարային եւ փողային։
Հարուածային գործիքներէն են՝ դափը, նաղարան եւ դհոլը։
Լարայինները՝ քամանչան, քեմանին, քանոնը, թառը, սազը, սանթուրը եւ ուտը։
Փողայինները՝ սրինգը, դուդուկը, զուռնան, պարկապզուկը, բլուլն ու շուին։
Հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ ազգային նուագարանները հսկայական դեր կատարած են մեր պատմութեան մէջ։
Միջնադարուն ամէնէն տարածուած նուագարանները եղած են քանոնը, սանթուրը, պարկապզուկը եւ աւելի ուշ, դհոլը, զուռնան, քամանչան, տուտուկը, սազը եւ թառը։


Հարուածային ամենատարածուած հայկական, կամ ընդհանուր արեւելեան գործիքը դհոլն է: Ան կը պատրաստուի ընկուզենիի փայտով, բաց կողմերէն մէկը ծածկուած կ՛ըլլայ այծի կամ հորթի կաշիով:
Լարային ամենասիրուած հայկական նուագարանը քամանչան է, որուն վրայ նուագած է մեր մեծ աշուղ Սայաթ Նովան: Այս նուագարանը շատ մօտ է եւրոպական ջութակին: Քամանչայի ամենահին պատկերը յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ, Դուինի պեղումներու ժամանակ, գաւաթի մը վրայ. հոն պատկերուած է գուսան մը, քամանչան ձեռքին։ «Քամանչա» բառը թարգմանաբար կը նշանակէ քնար՝ ոտքի վրայ։
Ժողովրդական բժշկութեան մէջ նոյնպէս օգտագործուած են նուագարաններ, որովհետեւ ժողովուրդը կը հաւատար, որ հիւանդութիւնը սեւ ուժերու գործն էր, իսկ չարը մարմինէն դուրս մղելը կը փորձէին կատարել նուագարաններով, յատկապէս զուռնայով։ Նոյնիսկ հիւանդին կը ստիպէին պարել ու ցատկել։
Ժողովրդական եւ երբեմն եկեղեցական ծէսերու ժամանակ կը հնչէր զուռնան ու դհոլը։
Մատենադարանի մանրանկարչութիւնը կը վկայէ, որ հին ժամանակներէն Հայաստանի մէջ ամենատարածուած փողային նուագարանը զուռնան էր, որ դափի կամ թմբուկի հետ միշտ ուղեկցած է ժողովրդական եւ թագաւորական խնջոյքներուն եւ տօնակատարութիւններուն։


Ըստ Կոմիտասի, մեր բուն նուագարանը սրինգն է։ Ան ըսած է հետեւեալը։ «Փողը նուագական երաժշտութեան հիմնաքարն է։ Եթէ կատարելագործուի, հայ ժողովուրդը այն տեսակ հրաշալի ներդաշնակութիւն մը կ՛ունենայ, որը կարող է բնութիւնը արտայայտել իր տարբեր գոյներով, կեանքը իրական շարժումներով եւ սիրտը՝ իր բնական յուզումներով»։
20րդ դարու սկիզբը, Կոմիտաս Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ մրցանքի մը, ուր տարբեր երկիրներ ու երաժիշտներ պիտի ներկայացնէին իրենց ազգային երգերը։ Երբ Կոմիտասի կարգը հասաւ, սրահին բեմը զարդարուեցաւ լեռներու եւ աղբիւրներու տեսարանով մը։ Կոմիտաս իր կղերականի սեւ զգեստով բեմ բարձրացաւ եւ գրպանէն հանեց սրինգ մը եւ սկսաւ նուագել հովիւի կանչը եւ հոռովելը։ Երբ երգը վերջացաւ, սրահը թնդաց հանդիսատեսներու ծափահարութիւններով եւ Կոմիտաս շահեցաւ առաջին մրցանակը։
Այդ օրուընէ, սրինգը հանրածանօթ դարձաւ համաշխարհային բեմերու վրայ։
Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է աւելի քան երեք հազար տարեկան քարէ բազմափող սրինգ: Տարբեր վայրերու մէջ գտնուած է նաեւ կենդանիներու սրունքի ոսկորով պատրաստուած սրինգներ եւ շուիներ: Հին Հայաստանի մէջ ունեցած ենք արագիլի սրունքով պատրաստուած սրինգներ։

Շուիները նախ օգտագործուած էին կենդանիներուն հմայելու, կախարդելու եւ վարժեցնելու համար:
2005ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕն դուդուկի երաժշտութիւնը հռչակեց որպէս մարդկութեան բանաւոր եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան գլուխ գործոց:
Հայկական նուագարաններու, յատկապէս դուդուկի հանդէպ աշխարհի հետաքրքրութիւնը զարգացաւ 20րդ դարու վերջին տասնամեակին, Փիթըր Կապրիէլի Passion-ին շնորհիւ եւ անշուշտ մեր աշխարհահռչակ դուդուկահար Ջիւան Գասպարեանի կատարումներով։
Passion-ը, գրուած է «Քրիստոսի վերջին Փորձութիւնը» շարժապատկերին համար։
Դարերու ընթացքին, ժողովուրդներու մշակութային շփումներու հետեւանքով, մեր նուագարաններէն շատերը տարածուած են նաեւ հարեւան ազգերու մօտ, անցած են երկրէ երկիր, փոփոխութիւններու ենթարկուած եւ կատարելագործուած: Արդէն
12էն 15րդ դարերուն մեր մատենագիրներու աշխատանքներուն մէջ յիշատակուած շատ մը նուագարաններ արեւելեան երաժշտական գործիքներ կը համարուին, որովհետեւ տարածուած էին նաեւ Անդրկովկասի, Պարսկաստանի, Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներու մէջ:
ժողովրդական նուագարաններն իրենց հմայքը բնաւ չկորսնցուցին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի երաժշտական կեանքի մէջ կարեւոր տեղ ունին ազգային մեղեդիները, որոնք կը կատարուին ժողովրդական նուագարաններով:
Այսօր աւանդական հարսնիքներուն անպակաս կը մնան դհոլը, դուդուկն ու զուռնան։
Նոր երգեր ի յայտ կու գան մեր երիտասարդ երգահաններու կողմէն, որոնք լայնօրէն կ՛օգտագործեն մեր աւանդական երաժշտական գործիքները։
Թող այսպէս մի՛շտ հնչեն մեր նուագարանները, պահելով մեր հիանալի մշակոյթը։