
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին մէջ գործող Հայկական օրէնսդրական համախմբումէն ծերակուտականներ Պապ Արչուլեթա, Մարիա Էլենա Տուրազօ, Էնթընի Փորթանթինօ եւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն եւ Թրի Թա, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Ատրին Նազարեան վերջերս այցելեցին հայկական վարժարաններէն՝ մօտէն ծանօթանալու անոնց գործունէութեան։
Անոնք նախ այցելեցին Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային երկրորդական վարժարանը, ուր դիմաւորուեցան տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Կերի Տաղլեանի կողմէ, մինչ աշակերտները կատարեցին հայկական աւանդական աղ ու հացով դիմաւորութեան արարողութիւն մը, ներկայացնելով նաեւ հայկական երգեր եւ պարեր։


Ապա, «Թաշճեան» սրահին մէջ, հիւրերը վայելեցին առաւել տարեց աշակերտներու ներկայացուցած հայկական մշակութային յայտագիրը։
Այնուհետեւ օրէնսդիրները այցելեցին Կլենտէյլի Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանը, ուր դիմաւորուեցան տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ աշակերտական պատուիրակութեան մը կողմէ։
Հիւրերը այցելեցին զանազան դասարաններ եւ վարժարանին պարտէզը, ծանօթանալով աշակերտներուն ամէնօրեայ կեանքին։


Այցելութեան աւարտին, հիւրերը եւ վարժարաններուն ներկայացուցիչները մէկտեղուեցան «Քարուսել» ճաշարանին մէջ, խորհրդակցելով հայկական վարժարաններու դերակատարութեան շուրջ։
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամ Փաթիլ Աբոշեան Գասպարեան շնորհակալութիւն յայտնեց օրէնսդիրներուն՝ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ տարած հայանպաստ աշխատանքին համար։

