ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «abcmedia.am»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ 31 Հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեան, որ՝ Երեւանի օրակարգին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հակամարտութեան հարցեր գոյութիւն չունին։ «Պատմութեան ողբերգական անցքերը, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ուսումնասիրելը կամ դա թիւ մէկ առաջնահերթութիւն դարձնելը ԱԳ նախարարութեան օրակարգ չէ», ըսաւ Միրզոյեան:
Մանոյեան յայտնեց, որ Խաղաղութեան խաչմերուկին միայնակ կանգնած պաշտօնական Երեւանի այս անգամուան զիջումը հայոց պահանջատիրութիւնն է: «Նախ պատմական ու իրական Հայաստան, յետոյ` 1,5 միլիոն զոհի անունների ցուցակագրում ու ի վերջոյ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դուրս են բերում դիւանագիտական օրակարգից», յայտնեց Մանոյեան՝ աւելցնելով. «Փաշինեանի Ապրիլի 24ի ուղերձ կոչուածը ցոյց է տալիս, որ այս քաղաքական ուժը արդէն իսկ հրաժարուել է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին որեւէ մասնակցութիւն ունենալուց։ Այս իշխանութիւնների համար Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում չկայ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց»: