
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթաց եւ յարաբերութիւններու կարգաւորում›› խորագիրով հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման եւ ապահովութեան յանձնաժողովի մակարդակով աշխատանքին յառաջընթացը կարեւոր կը նկատէ:
Նախարարութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ ցարդ համաձայնեցուած կարգաւորումները` շարունակելու վերը նշուած սահմանազատումը, որ հիմնուած է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ եւ կը համապատասխանէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն: Կը նշուի նաեւ, որ այս զարգացումները փոխադարձ վստահութեան կառուցման նոր նշան են եւ հիմնարար քայլեր են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ վերջնական խաղաղութեան հասնելու նպատակին հասնելու համար, որ կայունութիւն, բարգաւաճում եւ կայուն զարգացում պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանին: