

Հայաստանի պատանի եւ երիտասարդ ծանրաբարձները կը շարունակեն իրենց յաջող ելոյթները Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Պատանեկան հաւաքականի անդամ (20 տարեկանէն վար) Ալեքսանտր Լազարեան (102 քլկ․) երկամարտի 347 քլկ․ արդիւնքով ոսկի մետալ նուաճեց:
Աղջիկներու հաւաքականի անդամ Ճուլիեթա Աւանէսեան 87 քլկ․ կշիռքի մրցումներուն ոսկի մետալ շահեցաւ երկամարտի 235 քլկ․ արդիւնք ձեռք բերելով:
23 տարեկանէն վար երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ 89 քլկ․ կշիռքի Սուրէն Գրիգորեան` երկամարտի 350 քլկ․ արդիւնքով:
Պատանեկան հաւաքականի անդամ Էմմա Պօղոսեան 81 քլկ․ կշիռքի մրցումներուն երկամարտի 218 քլկ․ արդիւնք մը արձանագրելով՝ դարձած էր ոսկի մետալակիր:
Երիտասարդներու գերծանր կշիռքի մրցումին, Պետրոս Պետրոսեան երկամարտի 384 քլկ․ արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան եւ ոսկի մետալակիր:


Պատանիներու գերծանր կշիռքի մրցումներուն, Աշոտ Մովսիսեան երկամարտի 359 քլկ․ արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալ մը:
Աղջիկներու մրցումներուն, Մերի Թովմասեան երկամարտի 220 քլկ․ արդիւնքով իր կարգին դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալ մը:
Աւելի կանուխ, պատանեկան հաւաքականի անդամ, 81 քլկ․ կշիռքի Նարեկ Մկրտչեան երկամարտի 341 քլկ․ արդիւնքով եւ 76 կշիռքի ներկայացուցիչ Աննա Ամրոյեան երկամարտի 228 քլկ․ արդիւնքով դարձած էին Եւրոպայի ախոյեան, իսկ երիտասարդներու հաւաքականի անդամ Միլենա Խաչատրեան, 81 քլկ․ կշիռքի մրցումներուն արծաթէ մետալ շահած էր եւ դարձած Եւրոպայի փոխախոյեան:
Նաեւ, Մարտին Պօղոսեան, Վալերիկ Մովսիսեան եւ Կարէն Մարգարեան պրոնզ մետալակիրներ դարձան: