«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը հաղորդեց, որ Իրան միջնորդներու ճամբով փոխանցած է պատգամ մը, թէ՝ Իսրայէլի վրայ ուժգին եւ բարդ յարձակում մը կը ծրագրէ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի իրանեան հակադարձութեան ծրագիրը կը ներառէ աւելի ուժեղ մարտագլուխներ եւ այլ զէնքերու կիրարկում:
Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին յայտնեցին հետեւեալը. «Իրան դիւանագէտներու յայտնեց, թէ իր բանակը պիտի մասնակցի Իսրայէլին հակադարձելուն»:
«Ապահովական շրջանակներու գնահատումով, իրանեան հակադարձութիւնը ամերիկեան ընտրութեան թուականէն եւ արդիւնքներէն անկախ պիտի ըլլայ: Ամերիկացիները «Պի. 53» տեսակի ռմբաձիգներ շրջանը տեղափոխեցին` հաւանական հակադարձութեան եւ զսպման համար», իր կարգին հաղորդեց Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը՝ աւելցնելով. «Իրանցիները մասնաւորաբար Իրաքի մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներուն ցուցմունք տուին իրենց յարձակումները աւելցնելու»:
«Սպասուող իրանեան յարձակումը Լիբանանի մէջ կարգաւորման համաձայնութեան մը հասնելու բանակցութիւններուն վրայ պիտի չազդէ», կայանին յայտնեց լաւատեղեակ աղբիւր մը:
«Անկեղծ խոստում 3» գործողութիւնը հաստատօրէն պիտի գործադրուի, սակայն կարելի չէ անոր մանրամասնութիւններուն մասին խօսիլ», յայտնեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Ալի Ֆատաւի:
«Ուաշինկթըն եւ սիոնական գոյացութիւնը կը զգուշացնենք, որ իսլամական դիմադրութիւնը չարիքի ճակատին կարծր կերպով պիտի հակադարձէ», նախապէս յայտնած էր Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար զօր. Հիւսէյն Սալամի:
«Կազայի բնակիչները տոկուն են, եւ Իսրայէլ մէկ տարի ետք չկրցաւ զանոնք անձնատուութեան մղել», յայտնեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան՝ աւելցնելով. «Մեր հրթիռները որեւէ պետութեան վրայ յարձակում գործելու համար չեն, այլ մենք զմեզ պաշտպանելու եւ մեր վրայ յարձակում գործել մտածողը զսպելու համար են»:
Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը պատերազմէն չի վախնար, սակայն անոր չի ձգտիր:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի իր կարգին քննադատեց «Պի. 52» ռմբաձիգներ շրջանը ուղարկելու՝ Միացեալ Նահանգներու որոշումը, զայն «կայունութիւնը քայքայող ներկայութիւն» որակելով: