
«ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ՝ ՔԱՇԱԹԱՂԻ ԲԱԶՄԱԶԱՒԱԿ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Արցախեան առաջին պատերազմին մեր յաղթանակէն ետք` 1995ին, ստեղծուեցաւ «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի (Արցախ) բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամը»՝ մեր յաղթանակին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած ազգանուէր ու խիզախ հայորդի փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանի անունով եւ ինքն ալ դարձաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը։ Ան իր շուրջ համախմբեց նուիրեալ հայորդիներէ կազմուած հոգաբարձութեան խորհուրդ մը։ Վերջինիս առաջարկութեամբ ստեղծուեցաւ «Բարեգործ» պաշտօնաթերթը, որուն էջերուն մէջ պարբերաբար հաշուետուութեան պէս կը ներկայացուի հիմնադրամի գործունէութիւնը։
Բոլոր գործարքները հիմնադրամը կը կատարէ դրամատնային համակարգով՝ ապահովելով հիմնադրամին եւ նուիրատուներու փոխվստահութիւնը։
Սրտցաւ հայրենակիցներու շնորհիւ (Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք) հիմնադրամը իրականացուցած է բազմաթիւ բարեգործական ծրագիրներ, որպէսզի վերացուին Արցախի ազատագրութեան պատերազմին պատճառած աւերները։ Յատկապէս ուշադրութիւն դարձուած է ազատագրուած տարածքներէն Քաշաթաղի շրջանին։ Նորոգուած են կամ հիմնուած են մանկապարտէզներ, դպրոցներ եւ բնակարաններ։ Մասնաւոր օգնութիւն տրուած է վիրաւոր ու հաշմանդամ ազատամարտիկներուն եւ կարիքաւոր բազմազաւակ ընտանիքներուն։ Տարբեր տեսակի օգնութիւն ցուցաբերուած է ծառատնկման աշխատանքներուն եւ արցախցի անվճարունակ ուսանողներու։ Պարբերաբար կատարուող ուսանողական արշաւներ բարձրացուցած են արցախահայութեան ոգին։


Հարկաւոր է ձեր ուշադրութեան յանձնել, որ 2023ի Սեպտեմբերի վերջերուն Արցախի բռնի հայաթափումէն եւ առաւել քան 100 հազար արցախցիներու Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ վերաբնակեցումէն ետք, էապէս փոխուած են հիմնադրամի գործունէութեան նպատակները եւ խնդիրները։ Այժմ, հիմնադրամին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է տնազուրկ, գործազուրկ, ամէն ինչ կորսնցուցած, հոգեկան եւ բարոյական ծանր նուաստացումներու ենթարկուած մեր հայրենակիցներու բազում կարիքներուն եւ հոգերուն վրայ։
Լոս Անճելըսի համեմատաբար աւելի բարեկեցիկ մեր հայրենակիցները չեն զլացած իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ էական օգնութիւն ցոյց տալ մեր հայրենի ժողովուրդին բազում կարիքներուն, հետեւաբար այսօր հրամայական կը դառնայ ատամներու սեղմումով եւ ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ օգնելու «Գուրգէն Մելիքեան» հիմնադրամին, որպէսզի մեր բռնագաղթուած հայրենակիցները ՄՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ սահմաններէն ներս, չգաղթեն եւ չհեռանան Արցախի մերձակայ տարածքներէն։
Սոյն գրութեամբ կոչ կ՛ուղղենք մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներուն՝ սատար կանգնելու հիմնադրամի ջանքերուն։ Այս նպատակով կազմակերպուած է հանդիսութիւն-դրամահաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Նոյեմբերին, Bellezza Banquet Hall (11009 Burbank Blvd., North Hollywood), երեկոյեան ժամը 6ին (*)։ Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հիմնադրամի հիմնադիր սիւնը՝ փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան։
Կը սպասենք ձեզ՝ յարգելի սրտցաւ հայրենակիցներ։
(*) Այն հայրենակիցները, որոնք տարբեր պատճառներով անձամբ մասնակցելու հնարաւորութիւն պիտի չունենան, կրնան իրենց տուրքէ զերծ (tax-deductible) նուիրատուութիւնները ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ GMMCFF, 501 W. Glenoaks blvd, #104, Glendale 91202։