ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Տարիներու ընթացքին պատրաստուած են բազմաթիւ զեկոյցներ, որոնք բացայայտած են այն միլիառաւոր տոլարները, զորս Ատրպէյճանի իշխող Ալիեւի ընտանիքը կողոպտած է պետական գանձարանէն, ինչպէս նաեւ՝ մեծաքանակ կաշառքները, զորս կառավարութիւնը տուած է եւրոպացի եւ ամերիկացի զանազան պաշտօնատարներու:
Առ այդ, զարմանալի չէ, որ յաջորդ շաբաթ, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ 29 Կլիմայի վեհաժողովը յաւելեալ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս իշխող վերնախաւը կ՛օգտագործէ իր գրպանները լեցնելու իւրաքանչիւր առիթ:
«Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան տեղեկագրութեան նախագիծ»ը (OCCRP) բացայայտած է Ատրպէյճանի խայտառակ գործողութիւնները. «Ատրպէյճանի ՔՈՓ 29 Կլիմայի վեհաժողովի պաշտօնական գործընկերները կապ ունին իշխող Ալիեւի ընտանիքին եւ անոնց ներքին շրջանակին հետ… Պաքուի այս տարուան միջազգային այցելուները, ուր ալ նային, պիտի տեսնեն ընկերութիւններ, որոնք առնչութիւն ունին Ատրպէյճանի բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին հետ»: Այս ծաւալուն զեկոյցը գրած են՝ Ճէյմզ Տաուսեթ, Քելի Պլաս, Ֆաթիմա Քարիմովա եւ Էլի Մասքաուից:
«Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան տեղեկագրութեան նախագիծ»ը Ատրպէյճանը բնութագրած է՝ իբրեւ «ամէնէն բռնապետական երկիրը, որ երբեւէ հիւրընկալած է այդ վեհաժողովը… Ըլլա՛յ այդ հանքարդիւնաբերութիւն, դրամատնային մարզ, հիւրընկալութիւն թէ շինարարութիւն, դժուար թէ Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունենայ մեծ արդիւնաբերութիւն մը», որ ալիեւներու իշխող ընտանիքին տիրապետութեան տակ չըլլայ: «Իբրեւ արդիւնք՝ ալիեւները եւ անոնց անմիջական շրջապատը դիզած են ապշեցուցիչ հարստութիւն մը, որուն զգալի մասը կը պահուի արտասահմանի մէջ, կամ կապուած է արտերկրի կալուածներու հետ: Նոյնիսկ նախագահին 11ամեայ որդին Լոնտոնի մէջ գրասենեկային շէնք ունէր»:
Ահաւասիկ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին ներքին շրջապատին եւ Կլիմայի վեհաժողովի «պաշտօնական գործընկերներուն» միջեւ կապերը.
1) «Նախագահ Ալիեւի դստեր նախկին ամուսինը (Էմին Ակալարով) շահած է 5,2 միլիոն տոլար արժողութեամբ պետական համաձայնագիր (առանց մրցութային որեւէ գործընթացի) մը՝ հիւրընկալելու ՔՈՓ29ի 5000 հիւրերը Կասպից ծովուն վրայ գտնուող իր շքեղ «Սի Պրիզ Ռիզորթ»ին մէջ»: Հիւրերը՝ «Պիտի մնան գերշքեղ սենեակներու մէջ… հասանելիութիւն պիտի ունենան եօթը քիլոմեթր երկարութեամբ լողափին, պիտի վայելեն առաւել քան 50 գինետուներ եւ ճաշարաններ, 60 լողաւազաններ»: Այս համաձայնութիւնը բացայայտած ատրպէյճանցի վեց լրագրողները այժմ կը գտնուին Պաքուի բանտը:
2) ««ՓԱՇԱ Հոլտինկզ»ը Ատրպէյճանի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկն է, որուն կը պատկանին վեհաժողովը հիւրընկալող քաղաքի բազմաթիւ լաւագոյն պանդոկները. անիկա մեծ շահեր ունի զբօսաշրջութեան, շինարարութեան, ապահովագրութեան եւ դրամատնային ոլորտներուն մէջ: «ՓԱՇԱ»ն կը պատկանի Ալիեւի երկու չափահաս դուստրերուն (Լէյլա եւ Արզու): Ընկերութեան խորհուրդի փոխնախագահ Միր Ժամալ Փաշայեւ «Ատրպէյճանի Առաջին տիկնոջ եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի զարմիկն է»:
3) ««Ազերսան Հոլտինկ». անոր նախագահը Ապտոլպարի Կոզալն է, Հասան Կէօզելի հօրեղբայրը, որ Ալիեւա քոյրերուն համար երեք ընկերութիւններ հիմնած է բրիտանական Վըրճին կղզիներուն մէջ»:
4) ««Սիլք Ուէյ Ուեսթ Էրլայնզ». պատասխանատու է համաժողովին նիւթերու եւ մթերքներու փոխադրութեան։ Անիկա կը պատկանի նախկին պետական պաշտօնեայի մը, սակայն, նախապէս կապ ունեցած է Ալիեւի դուստրերէն մէկուն հետ` «Սիլք Ուէյ Պենք» քոյր ընկերութեան միջոցով։ Օդանաւային ընկերութիւնը վերջնականապէս կը պատկանի նախկին պետական պաշտօնեայ Զաուր Ախունտովին, սակայն նախապէս անիկա նաեւ կապ ունեցած է առաջին ընտանիքին հետ` քոյր ընկերութեան ճամբով։ 2010ին, «Ազատ Եւրոպա» ձայնասփիւռի կայանին հետաքննութիւնը պարզեց, որ Արզու Ալիեւա` նախագահին կրտսեր դուստրը, եղած է «Սիլք Ուէյ Պենք»ի երեք սեփականատէրերէն մէկը, որ «Սիլք Ուէյ Կրուփ»ի նախկին ֆինանսական թեւն էր, որուն ալ մաս կը կազմէ օդանաւային ընկերութիւնը»:
5) ««ԿԻԼԹԵՔՍ». ընկերութիւն մը, որ կը վերահսկէ տեղական հիւսուածեղէնի շուկային գրեթէ երեք քառորդին եւ մինչեւ անցեալ տարի մաս կը կազմէր «Կիլան Հոլտինկզ» ցանցին, որուն բաժնետոմսերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի նախագահին դուստրերուն (Ատրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Քամալատին Հէյտարովի զաւակներուն հետ միասին: Հէյտարով նաեւ ՔՈՓ 29ի կազմակերպական կոմիտէի անդամ է): «Կիլան Հոլտինկզ»ը լուծարուած է 2023ին»:
6) ««ՍՈՔԱՐ Կրին». Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան` ՍՈՔԱՐի դուստր ձեռնարկութիւնն է, որ մեծ դեր կը խաղայ նաւթ արտադրող երկրի տնտեսութեան մէջ»:
7) ««Էյ.Պի.Պի.» դրամատուն. որ վերանանունեցաւ 2021ին, սակայն անոր նախկին անունին տակ` Ատրպէյճանի Միջազգային Դրամատուն, անբարեհաճ վերնագիրներու պատճառ դարձաւ 2,9 միլիառ տոլարի դրամի լուացման խայտառակութեան մէջ անոր ունեցած կեդրոնական դերակատութեան համար, որ ճանչցուած է իբրեւ «Ատրպէյճանական Լուացքատուն»: Դրամատան մէջ հաշիւ մը օգտագործուած է իբրեւ հիմնական խողովակ՝ այդ միջոցներուն մեծ մասը տեղափոխելու համար: Դրամատան նախկին նախագահը բանտարկուեցաւ 2016ին` հաստատութենէն գրեթէ 3 միլիառ տոլար գողնալուն համար: Անոր կինը, որ կ՛ապրի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, հետագային ստացաւ երկրին բոլորովին առաջին «անբացատրելի հարստութեան հրամանը»` բրիտանական իշխանութիւններուն պահանջով ապացուցելու իր հսկայական հարստութեան օրինական ծագումը: Հետագային ան համաձայնեցաւ վերադարձնել 17,8 միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատունը եւ կոլֆի ակումբը, որ անցաւ բրիտանական պետութեան»:
«Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան տեղեկագրութեան նախագիծ»ը նաեւ հաստատեց, որ՝ «Առաւել քան տասնամեակէ մը ի վեր կը զեկուցէ Ատրպէյճանի մասին` բացայայտելով փտածութիւն, մարդու իրաւունքներու խախտումներ եւ չարաշահումներ»:
Ստորեւ՝ կարգ մը զեկոյցներու կարեւորագոյն կէտերը․
1) «Թէ՝ ինչպէ՛ս իշխող Ալիեւի ընտանիքը շահեցաւ արժոյթի փլուզումէն, ինչպէ՛ս անիկա կը ձգտէր գնել Խըրխըզիստանի ոսկիի հանքավայրերը, եւ ինչպէ՛ս կրցած է կառավարութենէն գողնալ ապշեցուցիչ 1 միլիառ տոլար հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան ձեռքբերումէն»:
2) «2016ի «Փանամայի փաստաթուղթեր»ու տուեալներուն հիման վրայ կատարուած հետաքննութիւնը, որ յայտնաբերեց, թէ ինչպէ՛ս (Ալիեւի) ընտանիքը օգտագործեց աֆշորային (արտացամքային) կառոյցները եւ սեփականութեան բազմաթիւ շերտեր` իր հարստութիւնը գաղտնի պահելու համար»:
3) «Այս տարուան սկիզբը խումբ մը անկախ լրագրողներ շինծու մեղադրանքներով բանտարկելը` Փետրուարի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ»:
4) «Թէ՝ ինչպէ՛ս ամերիկացի լոպիիստները աջակցած են վարչակազմին եւ անկէ գումարներ ստացած են, եւ թէ՝ ինչպէ՛ս «Ատրպէյճանական լուացքատուն»ը օգտագործուած է իր վերնախաւին համար երկրէն միլիառաւոր տոլարներ դուրս բերելու նպատակով»: