8 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ սպառնալիք յղեց Հայաստանի հասցէին՝ նշելով, որ «Հայաստան պէտք է հրաժարի ռազմականացման քաղաքականութենէն՝ քանի տակաւին ուշ չէ»։
«Ես այս մասին բազմիցս ըսած եմ, եւ անոնք գիտեն, որ իմ խօսքս պէտք է լսեն: Անոնք երբեք չեն կրնար մեզի հետ չափուիլ», ըսաւ Ալիեւ:
44օրեայ պատերազմին «տարած յաղթանակին առիթով» դիմելով ատրպէյճանցի ժողովուրդին՝ ան պնդեց, որ Պաքու նոր պատերազմ չ՛ուզեր եւ իր «տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելով»` արդէն հասած է նպատակներուն: Թէեւ ան խօսեցաւ «խաղաղութեան» մասին, Ալիեւ նոյն ատեն 20 վայրկեան տեւած իր ելոյթին ընթացքին 11 անգամ հայերը թշնամի անուանեց եւ հաստատեց, որ «Ատրպէյճանի որեւէ սերունդ պիտի չմոռնայ անոնց ըրածները»։
«Բռնագրաւման երեսնամեայ պատմութիւնը անկարելի է ջնջել մեր յիշողութենէն: Արդէն մէկ անգամ ըսած եմ՝ այդ բանը երբեք կարելի չէ ընել։ Ան, որ կ՛ուզէ փորձել մեր ուժը, դարձեալ պարտութիւն պիտի կրէ եւ միայն պիտի խայտառակուի: 44օրեայ հայրենական պատերազմը եւ հակաահաբեկչական գործողութիւնը ոչ միայն Հայաստանի պարտութիւնն է, այլ նաեւ դառն ու ստորնացուցիչ պարտութիւնը անոնց, որոնք կանգնած էին Հայաստանի ետին», աւելցուց Ալիեւ:
Ան պնդեց, որ արեւմտեան մայրաքաղաքները կը հրահրեն Հայաստանը՝ նոր առճակատման երթալու։
Առանց յստակ երկիրներու անունները տալու, Ալիեւ մեղադրանքի սլաքը ուղղեց Արեւմուտքի կողմը: Խօսքին մէկ բաժինին մէջ ան մասնաւորաբար պնդեց, որ հիմա «որոշ արեւմտեան հովանաւորներ կ՛ուզեն Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ «խաղաղութեան աղաւնի», իսկ աւելի ուշ ան նշեց, թէ արեւմտեան մայրաքաղաքները կը հրահրեն Հայաստանը՝ նոր առճակատման դիմելու:
«Հակաատրպէյճանական ուժերը, որոնք չեն ուզեր հաշտուիլ այս իրավիճակին հետ, որոշ արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ նստած՝ իսլամաֆոպները նոր պատերազմի կը դրդեն Հայաստանը: Այդ մէկը հայկական պետութեան համար կրնայ պատճառ ըլլալ կատարեալ ողբերգութեան: Ես միշտ փորձած եմ բացատրել հայկական կողմին` թէ իմ պաշտօնական ելոյթներուն թէ յարաբերութիւններուն ընթացքին, որ անոնք պէտք է հեռու մնան ասկէ եւ չիյնան սադրանքներու մէջ», շեշտեց Աիեւ, որ նաեւ դիտել տուաւ, որ տակաւին ուշ չէ իրավիճակը ուղղելու՝ բացատրելով, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն կամ չընեն Հայաստանի ղեկավարները: Այդ շարքին առաջինը բանակի ամրապնդումն է, որուն դադրեցումը պահանջեց Ալիեւ։
Ալիեւ իր խօսքին մէջ չմանրամասնեց «այդ անհրաժեշտ քայլերը», այլ խօսեցաւ Տաւուշ-Ղազախի հատուածի սահմանազատման մասին, եւ յայտարարեց, որ հայկական կողմը չորս գիւղերը վերադարձուցած է հարկադրանքի կամ ուժի սպառնալիքի տակ:
«Անոնք իրենց կամքով չկատարեցին այդ, բայց ոչ ալ ուժ գործադրուեցաւ. անոր կարիքը չկար: Կը կարծեմ, որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը եւ հակաահաբեկչական գործողութիւնը բաւարար էին, որ Հայաստան հիմա ճիշդ քայլերու դիմէ», ըսաւ Ալիեւ:
Ռազմական ուժով իր ուզած արդիւնքին հասնելու մասին յայտարարելուն ընթացքին, Ալիեւ 8 Նոյեմբերին եւս բռունցքը վեր բարձրացուց՝ 44օրեայի ելոյթներուն պէս: Իր սկսած պատերազմները որակելով ազատագրական` Ալիեւ Պաքուի մէջ անոնց նուիրուած «Յաղթանակի զբօսայգի»իին բացումը կատարեց:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ դժգոհեցաւ Հայաստանի Սահմանադրութենէն:
«Երբ մենք կը տեսնենք, որ Հայաստան եւ անոր ետին կանգնած ուժերը, որոնք թշնամի կը նկատեն Ատրպէյճանը եւ մեզի հետ պաղ պատերազմի մէջ են, կը զինեն Հայաստանը, կամ որ Հայաստան ինքնիրեն կը զինէ, մենք ստիպուած ենք անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։