Իւրաքանչիւր հայ դպրութեան կեդրոն լոյսի փարոս մըն է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան հիմնական աղբիւրը:
Ամսուան մը ակամայ ուշացումէն ետք, Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ (Ֆանար), տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը:
Յիշենք, որ Հայագիտական կեդրոնը արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը գործէ շաբաթական եռօրեայ դրութեամբ՝ Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը՝ 5էն 7։30, կրթական յստակ ծրագիրով մը:
2024-2025 կրթական տարուան վերամուտը կեդրոնը դիմաւորեց 39 ուսանողներով, 21 Լիբանանէն, 18՝ առցանց (Գերմանիա, Քուէյթ, Սուրիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Աւստրալիա):
Հայագիտական կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան յայտնեց, թէ Խորէն Ա. կեդրոնը այսուհետեւ կը դառնայ գիտութեան եւ լոյսի կարօտ հայորդիներու տունը: Ան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցչական կազմին եւ ուսանողներուն՝ շեշտելով, որ հայագիտական նիւթերու հանդէպ ուսանողներու հետաքրքրութիւնը մեծագոյն բարիքը պիտի դառնայ հայապահպանման մեր աշխատանքներուն մէջ: Այս առիթով, տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ ընդգծելով, որ տասնամեակէ մը աւելի գործող Հայագիտական կեդրոնը վառ ապացոյցն է մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու պահպանման հանդէպ հայրապետին նախանձախնդրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայագիտական կեդրոնի յանձնախումբին, միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնց հաւաքական եւ համատեղ ջանքերով հայեցի դաստիարակութեան եւ ինքնութեան պահպանման կարեւոր կեդրոնի մը վերածուած է այս կեդրոնը: