
(«ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ)
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ազգերու մեծ ընտանիքը ամէն տարի Նոյեմբեր 11ին կ՛ոգեկոչէ «Զինադադարի Օր»ը, ի յիշատակ անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհած են իրենց հայրենիքին համար. օր մը, որ յարգանքի տուրք կ՛ընծայէ ապրող այն բոլոր վեթերաններուն, որոնք վերապրողներ են պատերազմներու արհաւիրքէն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները 1950ական թուականներէն ի վեր այս տօնը կը կոչէ «Վեթերաններու Օր»: Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս՝ Անգլիա, Ֆրանսա, եւ այլ երկիրներ, նոյն օրը, Նոյեմբեր 11ը, կը տօնեն որպէս «Զինադադարի Օր»՝ յիշատակելու համար Առաջին Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութիւնը, զինադադարը, որ կնքուեցաւ Նոյեմբեր 11, 1918ին:
1919ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն Նոյեմբեր 11ը հռչակեց որպէս «Զինադադարի Օր»՝ յիշեցնելու համայն ամերիկացի ժողովուրդին պատերազմի ողբերգութիւնը: 1954ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը՝ «Զինադադարի Օր»ը փոխեց «Վեթերաններու Օր»ուան՝ ի յարգանս Ամերիկայի բոլոր վեթերաններուն, զինեալ ոյժերու մէջ ծառայող արանց եւ կանանց:
«Վեթերաններու Օր»ուան կամ «Զինադադարի Օր»ուան առթիւ, երբ կը մտածենք բոլոր վեթերաններու մասին, չենք կրնար, որպէս հայ, չմտածել նաեւ այն բոլոր հայազգի վեթերաններու մասին, որ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց «երկրորդ հայրենիք»ներուն համար:
Բայց աւելին, որպէս հայ, «Վեթերաններու Օր»ուան առթիւ, չենք կրնար չյիշել մեր հայրենիքի, Հայաստանի վեթերանները, որոնք, ինչպէս երէկ, այսօր ալ իրենց կեանքը ողջակէզի սեղանին վրայ դնելու պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն: Իրօք, ի՞նչ սրտառուչ երեւոյթ է երբ մարդ մը իր հայրենիքին համար յօժարակամ է ո՛չ միայն իր ժամանակը, իր տաղանդը, իր ուժերը նուիրելու, այլ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու:
«Վեթերաններու Օր»ը կամ «Զինադադարի Օր»ը նաեւ պատգամ մը ունի մեզի այն իմաստով որ մենք ալ կոչուած ենք վերարտադրելու, պահելու եւ պահպանելու անշահախնդիր հայրենասէր վեթերաններուն ոգին: Վեթերանները այն նուիրեալ անձերն են, որոնք իրենց հայրենիքին ազատութեան համար զոհած եւ զոհուած են, տուած ու տրուած են: Ամէն քաղաքացիի առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնն է ընել իր լաւագոյնը այդ վսեմ իտէալին համար: Ամէն քաղաքացի, զինեալ ուժերու մէջ ըլլայ թէ ոչ, բարոյական պարտաւորութիւնն ունի պահպանելու եւ պաշտպանելու իր հայրենիքին ազատութիւնը: Ազատութիւնը անքակտելիօրէն զօդուած է հաւատարմութեան հետ: Քաղաքական ազատութիւնը ո՛չ միայն առանձնաշնորհում է եւ իրաւունք է, այլ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն:
Ո՛չ մէկ ռամկավար պետութիւն (դեմոկրասի) կրնայ ապրիլ, մեծնալ եւ ուռճանալ առանց իր քաղաքացիներու հաւատարմութեան: Թերեւս ասիկա ի մտի ունենալով է որ ամերիկացի մեծանուն նախագահ Ճան Քենետին առիթով մը ըսաւ, «Մի՛ հարցներ թէ հայրենիքը ի՛նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ հարց տուր թէ դո՛ւն ի՛նչ կրնաս ընել հայրենիքին համար»: Ահա՛ այս հոգեբանութիւնն է որ կը կերտէ ու կը պահէ ժողովրդավար սկզբունքներով կառավարուող հասարակութիւն մը:
Ասիկա ճշմարիտ է ե՛ւ Ամերիկայի համար, ե՛ւ Հայաստանի համար, եւ որեւէ ժողովրդավարութեան համար: Երկրի մը քաղաքացիները պէտք է իրազեկ ըլլան իրենց իրաւունքներուն, բայց նաեւ գիտակցելու են այն պատասխանատուութիւնները, որ կ՛ակնկալուի լիիրաւ քաղաքացիէ մը: Երկրի մը քաղաքացիները իրենք զիրենք նուիրելու են հայրենիքին շահերը պաշտպանելու արտաքուստ թշնամիներէ, միանգամայն նաեւ պահպանելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի անհատական իրաւունքները:
Իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը իր հայրենիքի նկատմամբ: Այդ սերունդի ամէն մէկ անդամը գիտակցելու է, թէ հայրենիքին ծառայել, հայրենիքի պահպանումին եւ վերելքին սատարելը ե՛ւ փառք է, ե՛ւ պարտք:
Ռուս գրագէտ Թուրկենեւ սովոր էր ըսելու. «Հայրենիքը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ ոեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց հայրենիքի»: Ամէն քաղաքացի, ամէն հայ ունենալու է կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը:
«Վեթերաններու Օր»ը կամ «Զինադադարի Օր»ը նաեւ կը պատգամէ մեզի, որ մեր հայեացքը միայն անցեալին չսեւեռենք, այլ նաեւ ապագային, քանի որ ապագան կերտողները մե՛նք պիտի ըլլանք՝ ներկայի մեր տեսիլքով եւ ջանքերով: Վաղուան հունձքը այսօրուան սերմանումէն կախեալ է:
Արդ, որպէս հայ, ամերիկահայ կամ սփիւռքահայ, հարց տալու ենք մենք մեզի թէ ի՛նչ տեսակ բարոյական ժառանգութիւն պիտի թողունք յետնորդ սերունդներուն: Արդեօք ազատութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը պիտի կրնա՞նք դրոշմել ապագայ սերունդի պատկանող անդամներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
«Վեթերաններու Օր»ը կամ «Զինադադարի Օր»ը առիթ մը կ՛ընծայէ մեզի ո՛չ միայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու՝ հայրենիքին եւ մեր «երկրորդ հայրենիք»ներուն համար զոհուող բոլոր վեթերաններուն, այլ նաեւ ուխտելու թէ մենք՝ ապրողներս ալ, մեր լաւագոյնը պիտի ընենք մեր հայրենիքին ու «երկրորդ հայրենիք»ներուն ֆիզիքական ապահովութեան եւ վերելքին համար: