Պաքուի մէջ սկսած ՄԱԿի կենսոլորտի փոփոխութեան տագնապին նուիրուած ՔՈՓ29 վեհաժողովին մասնակցողներու շարքին էր Աֆղանիստանի իշխող «Թալեպան» շարժումի կառավարութիւնը, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ճօ Պայտըն եւ Էմանուէլ Մաքրոն որոշած են չմասնակցիլ:
Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփի նախագահ վերընտրութիւնը եւ կենսոլորտի վերաբերեալ Փարիզի պատմական համաձայնութենէն այդ երկրին դուրս գալուն մեծ հաւանականութեան վերաբերեալ մտավախութիւնները գերիշխեն խորհրդաժողովի քննարկումներուն:
Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան միայն սակաւաթիւ ղեկավարներ Քսաններու խմբակէն, որուն անդամ երկիրները ուժանիւթի վնասակար արտահանումներուն շուրջ 80 առ հարիւրին պատասխանատու են: