Երկուշաբթի օր, «Հըզպալլա»ն յաջողեցաւ ուղղակի հարուած մը հասցնել Իսրայէլի Քարմայէլ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող ռազմակայանին՝ մեծաթիւ հրթիռներ արձակելով անոր ուղղութեամբ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ աւելի ուշ հաղորդեցին, որ Քարմայէլի մէջ արձանագրուեցան 6 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:
«Հըզպալլա»ն հարուածեր հասցուց նաեւ Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերուն եւ Մաալոթ Թարշիհա բնակեցման վայրը ու Իպատ դիրքին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներուն:
Իսրայէլ, իր կարգին, շարունակեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի գիւղերուն վրայ իր յարձակումները:
Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի 21 գիւղերու բնակիչներու հրամայեց Աուալի գետէն հիւսիս հեռանալ: