«Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ: Կարգաւորման պատրաստ պիտի ըլլանք, եթէ «Հըզպալլա»ն հիւսիսային մեր սահմաններէն հեռանայ եւ Լիթանի գետէն անդին նահանջէ, նաեւ պատրաստ ենք Կազայի մէջ պատերազմը աւարտելու, երբ մեր նպատակները իրագործենք», յայտնեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր՝ աւելցնելով. ««Հըզպալլա»ի վերազինուելու անկարողութենէն եւ անոր՝ Իսրայէլին վտանգ չներկայացնելէն վստահ ըլլալը կենսական է՝ Լիբանանի վերաբերեալ որեւէ դասաւորման յաջողութեան համար: Ռուսիա Սուրիոյ մէջ ներկայ է եւ կրնայ «Հըզպալլա»ի վերազինման դադրեցման նպաստել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.