Մինչ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու սպանդը կը շարունակուէր Իսրայէլի ձեռամբ, Երկուշաբթի օր Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ արաբ եւ իսլամ երկիրներու վեհաժողով մը: «Պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ Իսրայէլի յարձակումները շարունակելը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը», բացման արարողութեան ընթացքին ըսաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալման իշխանը, որ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է շարունակել 1967ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հասարակաց ջանքերը:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը նաեւ դատապարտեց Լիբանանի հողերը թիրախ դարձնող եւ անոր գերիշխանութիւնը ոտնահարող զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ մերժեց իրանեան հողերուն վրայ կատարուող յարձակումները:
Խորհրդաժողովին մասնակցողներուն շարքին էին Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի:
Միքաթի կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու Լիբանանի վրայ յարձակումը եւ կոչ ուղղեց՝ թիկունք կանգնելու Լիբանանի պետութեան եւ շարունակելու մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքումը:
«Պէտք է դադրեցնել Լիբանանի մէջ պատերազմը եւ երաշխաւորել սահմանի երկու կողմերուն վրայ ապահովութիւնը. յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ մօտ օրէն կը յարգէ պատերազմը դադրեցնելու իր խոստումը», յայտնեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ:
«Պէտք է Իսրայէլը միջազգային գետնի վրայ մեկուսացնել, եթէ Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իր յարձակումին վերջ չտայ», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով. «Մենք Իսրայէլի վրայ առեւտրական սահմանափակումներ հաստատեցինք եւ աւելին պիտի հաստատենք, եթէ իր յարձակումը չդադրեցնէ»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան վեհաժողովի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է դէպի Կազա օժանդակութիւններուն վրայ սահմանափակումները վերցնել:
«Պէտք չէ միջազգային ընտանիքին արտօնենք աչք փակել Իսրայէլի ոճիրներուն նկատմամբ, եւ մենք կը ջանանք լուսարձակները կեդրոնացնել պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ», ըսաւ Պըն Ֆարհան՝ աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ Կազայի մէջ պատերազմին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններու կատարման թերացում կայ:
Խորհրդաժողովը բոլոր պետութիւններէն պահանջեց արգիլել դէպի Իսրայէլ զէնքերու արտածումը եւ միջազգային աջակցութիւն ապահովել՝ ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը: