
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Իսրայէլի հիւսիսային զանազան շրջաններու մէջ ահազանգներ հնչեցին, երբ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր շրջանը մուտք գործեցին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր ուղղաթիռները Աքքայի վերեւը կը հետապնդեն Լիբանանէն եկած շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը յայտնեց, որ Հայֆայի արեւելքը գտնուող Նշերի մէջ ժողովրդային կեդրոնի մը մօտ անօդաչու թռչող սարք մը պայթեցաւ։
Իր կարգին, իսրայէլեան օդուժը շարունակեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու եւ Պեքաայի վրայ իր յարձակումները:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հիւսիսային Լիբանանի Աքքար նահանգի Այն Եաագուպ գիւղին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով արձանագրուեցան առնուազն 8 զոհեր եւ 14 վիրաւորներ:
Ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ յարձակումին պատճառով քանդուած շէնքի մը մէջ կը բնակէր հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած ընտանիք մը` նշելով, որ յարձակումին թիրախը նշեալ ընտանիքի մէկ անդամն էր, որ «Հըզպալլա»ի անդամ է:
«Ճազիրա»ն յայտնեց, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ իսրայէլեան օդուժը Իսրայէլի հետ սահմանէն առաւել քան 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջանը կը թիրախ կը դարձնէ:
Իսրայէլեան բանակը Երեքշաբթի օր, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ կարգ մը շէնքերու բնակիչներու հրամայեց անոնցմէ հեռանալ: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը Հարաւային արուարձաններուն վրայ առաւել քան 13 իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց:
«Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ իր ցամաքային գործողութեան երկրորդ փուլին սկսաւ», հաղորդեց իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, որ աւելցուց, թէ գործողութեան երկրորդ փուլին նպատակը Լիբանանի մէջ կարգաւորման բանակցութիւններուն հարցով «Հըզպալլա»ի վրայ ճնշում բանեցնելն է:
«Իսրայէլեան բանակի 36րդ զօրամասը սկսաւ ցամաքային գործողութեան՝ մինչեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղերու երկրորդ գիծը խորացնելու», հաղորդեց իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը:
«Հըզպալլա»ն, իր կարգին, յայտարարեց, որ «Ֆետի 1» եւ «Մալաք 2» հրթիռներով հրթիռակոծեց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Քարիոթ շրջանը: Ռմբակոծուած են նաեւ իսրայէլեան շարք մը բնակեցման վայրեր:
«Հըզպալլա»ն նաեւ յայտարարեց, որ զանազան տեսակի հրթիռներով թիրախ դարձուց Թել Աւիւի հարաւը գտնուող օդուժի «Թել Նով» ռազմակայանը: