Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՔՈՓ29 համաժողովի ծիրին մէջ, Երեքշաբթի օր, դռնփակ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ըստ «Էրմենիհապեր»՝ի հանդիպումին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը տարածեց Թուրքիոյ նախագահական պալատի հանրային կապերու վարչութիւնը:
Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ նախագահները փոխադարձաբար վերահաստատեցին երկկողմ յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնելու կամքը:
Թրքական կողմէ հանդիպումին մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գծով գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ հանրային կապերու վարչութեան պետ ֆահրեթթին Ալթուն: