Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութիւնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք Արեւմտեան Ափէն մասեր, որոնց վրայ իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրեր կառուցուած են, Իսրայէլի գերիշխանութեան տակ դնելու առաջարկ պիտի ներկայացնէ:
Նախքան այդ, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց, որ ցուցմունք տուած է Արեւմտեան Ափին վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան տարածման պատրաստուելու:
Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Թրամփի վարչակազմը պիտի ճանչնայ իր գերիշխանութիւնը Արեւմտեան Ափին վրայ տարածելու՝ Իսրայէլի քայլը:
Ան նշեց, որ Թրամփի առաջին նստաշրջանին ընթացքին Իսրայէլի կառավարութիւնը Արեւմտեան Ափը իր գերիշխանութեան տակ առնելէն «միայն մէկ քայլ հեռու էր»:
«Կը յուսամ, որ Իսրայէլ մինչեւ 2025 իր գերիշխանութիւնը ընդլայնելով՝ կը ներառէ Արեւմտեան Ափէն հատուածներ», աւելցուց Սմոթրիչ: