
Ուրբաթ, 1 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ՀՄԸՄի Օրուան 9րդ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Phoenicia ճաշարանին մէջ, շուրջ 230 հիւրերու մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աբէլեան եւ Մհեր Դաւիթեան, Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ՝ Լեւոն Պարոնեան, Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ Ռաֆֆի Գույումճեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Չորպաճեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք Եւ Եւելինա Սարեաններ, 2024ի Տիպար ՀՄԸՄական Արամ Պէքարեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄականներ, մասնաճիւղերու վարչականներ, խմբապետ-խմբապետուհիներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ անդամներ։

Ձեռնարկին բացումը սկսաւ դրօշակակիրներու մուտքով, որուն յաջորդեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները՝ մեներգութեամբ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն Իվանա Գրիգորեանի, իսկ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն Մեղեդի Փօլատեան։
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան փոխանցեց օրուան պատգամը՝ ողջունելով ներկաները եւ շնորհաւորելով պարգեւատրեալները: Ապա ան յայտարարեց, որ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեանները, շարունակելով իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը՝ սիրայօժար ստանձնած են ձեռնարկին հովանաւորութիւնը:

Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյին գլխաւոր բաժինը հանդիսացող ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշաններու յանձնումը, որ նախապէս առաջարկուած էր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կողմէ: Շքանշանները եւ հաստատագիրները յանձնեցին Շրջանային վարչութեան համապատասխան մասնաճիւղերու կապը հանդիսացող անդամները: Այսպէս, շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանը ստացան 11 մասնաճիւղերու ծառայող հետեւեալ քոյր-եղբայրները՝ առ ի գնահատանք իրենց անսակարկ նուիրաբերումին․ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ Ճերի Արմէն, Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն՝ Ժանէթ Տէմիրճեան Լիսդ, Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն՝ Արլեն Կորճեան, Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն՝ Շահէ Գաբրիէլեան, Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն՝ Մոսիկ Գիզիրեան, Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղէն՝ Յարութ Խոտանեան, Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղէն՝ Անգինէ Քէշիշեան, Սանթա Քլարա հովիտի «Անի» մասնաճիւղէն՝ Քրիսթին Արգուսեան Սարգիսեան, Քրեսենթա հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղէն՝ Արա Կարապետեան, Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղէն՝ Անդրանիկ Ղազարեան եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղէն՝ Նիրվանա Պալեան։
Ընթրիքի դադարէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 2024 տարեշրջանի իրագործումները պատկերող տեսանիւթ մը: Այնուհետեւ ներկայացուեցան անցնող տարեշրջանին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներու նկարները՝ մեծ յուզում յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:

Ապա, Շրջանային վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց ՀՄԸՄի վաստակաշատ պաշտօնեայ Արամ Անանեանը՝ առ ի երախտագիտութիւն եւ բարձր գնահատանք՝ երկար տարիներու անոր նուիրեալ ծառայութեան եւ օրինակելի աշխատանքին:
Շրջանային վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄի «Աջակցութեան Յուշանուէր»ով պարգեւատրեց միութեան աջակցութիւն ցուցաբերած կազմակերպութեան՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, որուն ատենապետը՝ Սարգիս Ուրֆալեան, բեմ հրաւիրուեցաւ՝ ստանձնելու սոյն յուշանուէրը, առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք Խնամակալ մարմինին սերտ եւ օրինակելի օժանդակութեան ու համագործակցութեան:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ «Հրաշք» բաժանմունքի ներկայացուցիչ Սալբի Փօլատեան ներկայացուց բաժանմունքին կամաւոր մարզիչ Ռաֆֆի Պօղոսեանի հեղինակած «ՀՄԸՄի Հրաշք Հերոսներ» գիրքը:

Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աբէլեան եւ Մհեր Դաւիթեան ու Շրջանայինի ատենապետ Փիեռ Մանուկեան կատարեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ նուիրուած՝ ՀՄԸՄի «Արտակարգ» պատուանշանի տուչութիւնը, երկար տարիներու վաստակաշատ ՀՄԸՄական Արիկ Գէորգեանին: Եղբայրը ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն է եւ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ՝ սկաուտական, երիտասարդական, մշակութային, հանրային կապի ու վարչական մարզերուն մէջ: Եղբայրը եղած է Շրջանային վարչութեան անդամ եւ մաս կազմած է Շրջանայինի զանազան յանձնախումբերու եւ բազմապիսի ծառայութիւններ մատուցած է զանազան միութիւններու, իր երաժշտական հմտութիւնը ի սպաս դրած է ՀՄԸՄին, յօրինած է երգեր, եղած է խմբավար, ուսուցիչ եւ արհեստավարժ մարզիչ:
Ձեռնարկին ընթացքին, Լա Քրեսենթա շրջանի խորհուրդի անդամ Հէրի Լիոն Արիկ Գէորգեանին յանձնեց Լոս Անճելըս գաւառի գնահատագիրը, իսկ Պայծառ Թովմասեան՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին հռչակագիրը՝ առ ի գնահատանք համայնքին ի նպաստ անոր ծառայութիւններուն եւ քաղաքացիական բազմաթիւ ներդրումներուն։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Վիգէն Աբէլեան. ան շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց մասնաճիւղերու պարգեւատրեալներուն եւ ձեռնարկը կազմակերպած Շրջանային վարչութեան: Ան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի վաստակաշատ ՀՄԸՄականներու մէջ եւ յատուկ հպարտանքով արտայայտուեցաւ անոնց աշխատանքներուն մասին։
Յատուկ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն՝ ՀՄԸՄի Օրուան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց գործակցութեան եւ այս ձեռնարկին յաջողութիւնը իրականացնելուն համար։
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան՝ անգամ մը եւս ՀՄԸՄի անխախտ գոյութիւնը պահպանելու կամքը դրոշմելով մասնակցողներուն մօտ: