Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) աշխատանքներուն իռ մասնակցութիւնը սառեցնելու գծով Հայաստանի դիրքորոշումը չէ փոխուած:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան՝ անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներուն՝ Ռուսիոյ մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեան:
«ՀԱՊԿի աշխատանքներին մասնակցութիւնը սառեցնելու մասով ՀՀ դիրքորոշումը փոփոխութեան չի ենթարկուել», շեշտեց Արսէնեան: