Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 14 Նոյեմբերին, հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ օրակարգի եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ յառաջիկայի պատկերացումներուն: