
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնին կազմակերպութեամբ, 1էն 3 Նոյեմբեր երկարող շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Տարածաշրջանային պատանեկան խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ երեք տարածաշրջաններու՝ Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Գանատայի պատանեկան միութիւններէն 50 պատանիներու եւ վարիչներու:


Արեւմտեան Ամերիկայէն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 10 պատանիներ Փասատինայի, Օրենճ Քաունթիի եւ Լա Քրեսենթայի Պատանեկան միութիւններէն. Անոնք էին՝ Դալար Խայալեան, Յարութ Միթիլեան, Գրիգոր Թիւթիւնճեան, Վան Մելքոնեան, Լորի Սոսիկեան, Փօլ Օհաննէսեան, Լիա Քարկոտորեան, Ճոզէֆ Թիթիզեան, Անդրանիկ Շահմելիքեան եւ Վանա Պարոնեան։ Անոնց ընկերացան Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներ Քլոտիա Մեհրապոտ, Սիլվա Խայալեան եւ Արլին Թիւթիւնճեան։
Պատանիները աշխուժ կերպով մասնակցեցան խորհրդաժողովի դասախօսութիւններուն, քննարկումներուն եւ ընկերային պահերուն։


Քլոտիա Մեհրապոտ անմոռանալի յիշատակներով լեցուն փորձառութիւն մը նկատեց պատանիներուն այս այցելութիւնը, որ լաւատեսութիւն ներշնչած է: «Վստահ, մեր սիրելի պատանիները մեզ հպարտացուցին եւ ճամբայ բացին դէպի մեր կազմակերպութեան փայլուն ապագան», աւելցուց ան:
Իր կարգին, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որուն զաւակը մասնակցողներէն մէկն էր, յայտնեց, թէ խորհրդաժողովը առիթ մը հանդիսացաւ պատանիներուն, որ աւելիով ամրացնեն իրենց հայկական ինքնութեան հետ կապը, յոյժ կարեւոր նկատելով տարբեր շրջաններու պատանիներուն միջեւ փորձառութեան այսպիսի փոխանակումները։

Նշենք, որ եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները դասախօսութիւններ լսեցին պատանիի դաստիարակութեան, տիպարին եւ առաքելութեան, նաեւ Արցախի եւ Հայ Դատի մասին: