
2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, 13 եւ Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ։
Նիստերը քննարկեցին Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր ժողովէն (Հոկտեմբեր 2023) մինչեւ օրս իրագործուած գլխաւոր ձեռնարկները, «ՀՄԸՄի Արցախ հիմնադրամ»ի իրագործումները եւ Կեդրոնական վարչութեան եօթը յանձնախումբերուն աշխատանքները։
Նիստերը արծարծեցին նաեւ յառաջիկայ երեք տարիներուն նախատեսուած համաՀՄԸՄական ձեռնարկներու կազմակերպման ընթացքը (համաՀՄԸՄական մարզախաղեր եւ բանակում, ցամաքամասերու մարզախաղեր եւ բանակումներ, քարոզչական եւ երիտասարդական համագումարներ եւ այլն)։ Յատուկ օրակարգով քննութեան նիւթ դարձան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը, տնտեսական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք 2026ի նաւապտոյտը եւ միութեան կայքէջին ու բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրին արդիականացումը։

ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻՆ
Միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովին եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 35ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով Երեւան ժամանած ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցան ՀՄԸՄի Արցախի մեկուսի շրջանի վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան հետ։
Արցախի վարչութեան հետ քննարկուեցան վտարանդի մասնաճիւղին անցնող մէկ տարուան աշխատանքները եւ դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները։ Կեդրոնական վարչութիւնը այս առիթով անգամ մը եւս հաստատեց միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններուն ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի Մեկուսի շրջանին եւ անոր ծրագիրներուն։
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան հետ արծարծուեցան միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովի եւ ՀԱՍԿի 35ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները եւ հայրենի սկաուտութիւնը յուզող հարցեր։ Կեդրոնական վարչութիւնը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց անցնող ամառ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կազմակերպած բակային ճամբարներուն, որոնց մասնակցեցան 830 արցախցի մանուկներ։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի աշխատանքներուն տարածման ու զարգացման բազմազան ծրագիրներուն։
ՀՄԸՄ-Ի ՄԻՋԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 11ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՊԱՆԹԷՈՆԷՆ
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին, միութեան միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն՝ ներկայութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջդիւանական խորհրդաժողովին 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու։


Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը հասնելով՝ մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցան Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ։
Տէր Յովհաննէսը կարճ խօսքով մը յայտնեց, որ Եռաբլուրը նաեւ հերոսաբլուր է, ուր կը հանգչին հայրենիքին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած հերոսները, զորս պարտաւոր ենք միշտ յիշել։ Չվախնանք հերոսին հերոս ըսելու, արցախցիին արցախցի ըսելու։ Չվախնանք Արցախը Հայաստան է ըսելու։ Եթէ չըսենք այդ բոլորը, մենք անտեսած կ՛ըլլանք մեր հերոսներուն թափած արեան արժէքը, ըսաւ ան։
Տէր Յովհաննէսը՝ աւելցնելով. «Միանանք, զօրանանք եւ չհամակերպինք այս իրավիճակին, այլ պայքարինք, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ Ոտքի կանգնինք եւ դառնանք հպարտ հայեր, ոչ թէ ծնրադիր հայեր, այլ՝ գլուխը բարձր հպարտ հայեր, որպէսզի աշխարհին ապացուցենք, որ մենք իսկապէս հզօր ազգ ենք։ Եկէք անձերու չվերագրենք Հայաստանը։ Հայաստանը ամբողջութեամբ Հայաստան է։ Հայաստանը մեզմով Հայաստան է, եւ մենք պարտաւոր ենք մեր պատիւը, մեր քաջութիւնը փոխանցել գալիք սերունդներուն»։


Քահանայ հօր խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան աղօթքը, որմէ ետք ներկաները, դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ՝ ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց յուշապատը, ուր ՀՄԸՄի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան։
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը արտասանեց խորհրդաժողովի բացման խօսքը՝ ըսելով. «Երբ Եռաբլուր ենք՝ հայոց աշխարհի սրբագոյն վայրը, պէտք է լուռ մնալ։ Հոս՝ մենք ուխտաւորներս, ըսելիք չունինք։ Մենք կրնանք ամփոփուիլ եւ ինքնաքննութիւն ընել՝ հարց տալով, որ արդեօք մեր նպատակային ուղղութիւնը նո՞յնն է եւ զայն տակաւին միասին կը կտրե՞նք, մենք կենդանի, իսկ իրենք սաւառնող հոգիներ, մեզի հովանի ու պահապան»։
Ապա, հարցումներու շարքը շարունակելով՝ Յ. Խաչերեան ըսաւ. «Հաւատարի՞մ ենք մէկուկէս միլիոն ցեղասպանուած նահատակ ու սրբադասուած մեր զոհերու արեան կանչին։ Պահանջատէ՞ր ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումին։ Եւ դեռ, ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի իրագործումին հաւատացող ու ձգտող աննահանջ երդուեալներու կամաւոր բանա՞կ ենք: Եթէ հաստատ ենք մեր ուխտին, եւ մեր նպատակը անփոփոխ կը մնայ, աննենգ ենք սերունդներու կանչին, մեկնարկենք խորհրդաժողովը մեր քայլերգին կատարումով»։
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքին աւարտով ներկաները խմբերգեցին ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը։ Ապա, բոլորը լուռ եւ յամրաքայլ շրջեցան Եռաբլուրի մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նահատակներու շիրիմներուն շուրջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհ գացած ՀՄԸՄականներու յիշատակին։
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովի նիստերը ընթացք առին Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի կէսօրին եւ տեւեցին մինչեւ երեկոյեան ժամը 7ը՝ օրակարգի վրայ ունենալով կազմակերպական, սկաուտական, մարզական, ՀՄԸՄի «Արցախ Հիմնադրամ»ի աշխատանքները։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Միջդիւանական խորհրդաժողովին մասնակցողներուն Երեւան ներկայութենէն օգտուելով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, ծանօթացման հանդիպում մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպումին ցուցադրուեցան ՀՄԸՄը եւ անոր հանրային կապերու կառոյցը ծանօթացնող տեսանիւթեր։ Հանրային կապերու մարմինին անունով խօսք առաւ Նժդեհ Մկրտիչեան, իսկ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ՝ Վիգէն Աւագեան։
Խօսքերուն յաջորդեցին զրոյցներ՝ հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ Հայաստան ժամանած ՀՄԸՄական պատասխանատուներուն միջեւ։