Երկուշաբթի օր, հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի ճակատի կացութիւնը «տաք» էր: Բուռն բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան ուժերուն եւ «Հըզպալլա»ի զինեալներուն միջեւ. նշեալ ճակատը առնուազն 9 անգամ հարուածեցին իսրայէլեան ուժերը, որոնք, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, շրջանին մէջ շարունակուող բախումներու ընթացքին մեծ կորուստներ կը կրեն:
«Մայատին»ը կը նշէ, որ անցնող 6 օրերուն ընթացքին, յառաջանալու՝ իսրայէլեան փորձերը «Հըզպալլա»ի կողմէ ձախողութեան մատնուեցան:
Նոյն կայանը կը հաղորդէ, որ Խիամի հարաւային եւ արեւելեան թաղերուն մէջ գնդացիրներով ու հրթիռներով բախումներու ձայներ կը լսուին:
«Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը գիւղին մէջ յառաջանալու իրենց փորձին ընթացքին հրկիզող ռումբերով ռմբակոծումի դիմեցին, եւ գիւղի հարաւային ծայրամասերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:
Արեւմտեան ճակատին վրայ, Թէյր Հարֆայի վերահսկող եւ իսրայէլեան ուժերուն Պայատա գիւղին հասնելու ճամբայ ապահովող Մթըլլէ փոքր գիւղին մէջ իսրայէլեան ուժերը չյաջողեցան դիրք բռնել:
«Մայատին»ը կը նշէ, որ 3 օրեր շարունակ յարձակում գործելէ ետք, իսրայէլեան ուժերը Շամհի արեւմտեան ծայրամասին մէջ ինկան «Հըզպալլա»ի լարած թակարդին մէջ եւ բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ տուին:
«Հըզպալլա»մ յայտարարեց, որ թիրախ դարձուց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Քրիոթ բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ Կոլանի մէջ «Մաալիէ Կոլանի» զօրանոցը, «Ռամիմ» զօրանոցը եւ Մաալիոթ Թարշիհա բնակեցման վայրը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն մեծաթիւ հրթիռներ արձակուեցան Նահարիայի եւ անոր մերձակայքին ուղղութեամբ: Իսկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը հաղորդեց, որ Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ շէնքեր եւ ինքնաշարժներ վնասուեցան` Լիբանանէն արձակուած հրթիռներու պատճառով: Նոյն պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Շումիրայի մէջ եւս վնասներ արձանագրուեցան:
«Ճազիրա»ն հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը հրկիզող ռումբերով ռմբակոծեցին Սուր գաւառի Զըպքին գիւղին մերձակայքը:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Նապաթիէի Զաութար Շարքիէ գիւղին վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը գիշերը յարձակում գործեց մայրաքաղաք Պէյրութի Զոքաք Էլ Պլաթ շրջանին վրայ: Յարձակումին թիրախը շէնքի մը մէջ յարկաբաժին մըն էր:
«Պէյրութի վրայ յարձակումին նպատակը «Հըզպալլա»ի ղեկավարներու ահաբեկումը չէ, այլ «Հըզպալլա»ի պատկանող գործողութիւններու ղեկավարման սենեակը թիրախ դարձուց», հաղորդեց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Զոքաք Էլ Պլաթի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով, ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուեցան առնուազն 4 զոհեր եւ 18 վիրաւորներ:
Ըստ նոյն նախարարութեան, միայն Երկուշաբթի օր, 28 լիբանանցիներ սպաննուեցան իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով, զոհերու ընդհանուր թիւը հասցնելով 3544ի։
«Լիբանան դրական կերպով կ՛ընկալէ ամերիկեան զինադադարի առաջարկի նախագիծին պարունակութիւնը եւ անոր նկատմամբ դրական մօտեցում կը ցուցաբերենք: Ամերիկեան նախագիծը վերջնական ընթերցումի կ՛ենթարկուի, եւ կը ջանանք անոր վրայ վերջին բարեփոխումները կատարել», «Ճազիրա»ին յայտնեց լիբանանեան պետական աղբիւր մը:
Լիբանանեան կառավարական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ «Հըզպալլա»ն զինադադարի հաստատման ամերիկեան նախագիծին նկատմամբ դրական մօտեցում կը ցուցաբերէ: