Ամերիկեան արդիական համակարգերով ռուսական տարածքին խորերը հարուածելու՝ Ուաշինկթընի արտօնութիւնը պիտի սրէ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը եւ կրնայ յանգեցնել Համաշխարհային Գ. պատերազմին, ըստ «Ռոյթըրզ»ի, յայտարարեցին ռուս օրէնսդիրներ:
Ամերիկեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ՝ հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ջնջած է սահմանափակումները, որոնք Ուքրանիոյ կ՛արգիլէին ամերիկեան հեռահաս հրթիռներ օգտագործել Ռուսիոյ խորերը հարուածելու համար:
«Արեւմուտքը այնպիսի մագլցումի մը կը դիմէ, որ կրնայ Ուքրանիոյ պետականութեան ամբողջական փլուզման յանգեցնել», «Թելեկրամ»ի վրայ գրած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Իրաւական հարցերու գծով յանձնախումբի նախագահ Անտրէյ Քլիշաս:
Նոյն մարմինին Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Վլատիմիր Ճապարով Ուաշինկթընի այս որոշումը աննախադէպ քայլ որակեց` շեշտելով, որ անիկա կրնայ յանգեցնել Համաշխարհային Գ. պատերազմի մեկնարկին` վստահեցնելով, որ Ռուսիոյ պատասխանը պիտի չուշանայ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, որ Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ, եթէ Ուքրանիոյ արտօնէ արեւմտեան արտադրութեան հեռահաս հրթիռներով հարուածել: Ըստ անոր, այս քայլը պիտի փոխէ տագնապին բնոյթը եւ տարողութիւնը:
Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, իր կարգին, յայտարարեց, թէ այդ պարագային Ռուսիա կրնայ «ոչնչացնել Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Պայտըն Քիեւին ռուսական հողերը հարուածելու համար ամերիկեան հեռահաս հրթիռներու օգտագործումը արտօնելը Ուքրանիոյ տագնապին վրայ «իւղ թափել է»:
«Այս արտօնութիւնը, եթէ Ուաշինկթըն պաշտօնապէս հաստատէ, Միացեալ Նահանգներուն այս տագնապին մեղսակցութեան վերաբերեալ բոլորովին նոր կացութեան պիտի յանգեցնէ», զգուշացուց Փեսքով:
«Եթէ այսպիսի որոշում մը իսկապէս ձեւակերպուած եւ փոխանցուած է Քիեւի վարչակարգին, անշուշտ, ասիկա լարուածութեան որակապէս նոր փուլ է եւ որակապէս նոր կացութիւն` այս տագնապին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեամբ»: