ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ, վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած են Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնները։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն ետք կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին եղած է։
Երեքշաբթի օր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ռիոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի իր պաշտօնակից Էնթընի Պլիքընի հետ։ G20ի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կողմերը ընդգծեցին Հարաւային Կովկասի մէջ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ Ֆիտան եւ Պլինքըն կարճ ժամանակ առաջ ունեցած էին հեռաձայնային զրոյց մը, որմէ ետք տեղեկացուած էր, որ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման գործընթացին։
Ֆիտան եւ Պլինքըն քննարկեցին նաեւ Կազայի տագնապը եւ Լիբանանի հակամարտութեան դիւանագիտական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը։