Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով ելոյթ ունենալով խորհրդարանի Տնտեսական քաղաքականութեան, արդիւնաբերութեան եւ ձեռներէցութեան յանձնախումբի նիստին՝ յայտարարեց, թէ Հայաստանի ռազմականացումը Պաքուն ստիպած է աւելցնելու իր ռազմական ամավարկը։
Ըստ Շարիֆովի՝ Ատրպէյճանի յաջորդ տարուան ընդհանուր ամավարկը կը նախատեսէ ռազմական ծախսերուն յատկացնել շուրջ 5 միլիառ տոլար։
Իր կարգին Երեւան հաղորդեց, որ Հայաստանի ռազմական ամավարկը գալ տարի 20 տոկոսով պիտի աւելնայ ։ Փորձագէտներ աննախադէպ համարեցին այս յաւելումը։ Հակադարձելով այս գծով Պաքուի բազմաթիւ քննադատութիւններուն՝ Հայաստան կը յայտարարէ, թէ մարտունակ բանակ ունենալը իր գերիշխան իրաւունքն է։