Caucasus Heritage Watch-ը հրապարակած է արբանեակային լուսանկարներ՝ ահազանգ հնչեցնելով, որ Ատրպէյճան Արցախի Կովսական շրջանի 19րդ դարու Տանձատափ եկեղեցւոյ մեծ մասը քանդած է։ «Մինչ միջազգային ղեկավարները Պաքուի մէջ COP29 համաժողովին կը մասնակցին՝ ապագայի համար որոշումներ տալու համար, անոնք պէտք է նաեւ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնեն՝ պաշտպանելու համար անցեալը, յատկապէս՝ իրենց տուներէն վտարուած արցախահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը», կը յայտնէ Caucasus Heritage Watch-ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.