6 Հոկտեմբեր 2024ին, Չարենցի 20 հասցէին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նոր գրասենեակի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Վերանորոգուած սրահը կոչուեցաւ բարերարներ Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններու անունով:
Բարերարուհիին՝ Ալիս Կիւրեղեանի առաջնորդութեամբ կտրուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը՝ հրաւիրեալներու ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ:
Ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, այնուհետեւ ներկայացուց Ալիս Կիւրեղեանի կենսագրութիւնը եւ բարերար ամոլին կատարած ազգանուէր աշխատանքները:


Յուզիչ, բայց նոյն ատեն ոգեւորող էր Ալիս Կիւրեղեանի ելոյթը:
Շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՕՄի Հայաստանի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զոյա Քոչարեան:
ՀՕՄի հայրենանուէր աշխատանքը բարձր գնահատեց Իկոր Սարգսեան՝ ընդգծելով հայ կնոջ կարեւորութիւնը հայակերտման գործին մէջ:
1910ին, Նիւ Եորքի մէջ ականաւոր գործիչ Էտկար Ակնունի Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնադրելով՝ լաւ կը գիտակցէր, որ հայ կինը ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով իր բարեսիրական ծառայութիւնը պիտի մատուցէ ազգին եւ հայրենիքին:
Ձեռնարկին ընթացքին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան կատարեց օրհնութեան կարգը:
ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ մատուցուեցաւ գեղեցիկ հիւրասիրութիւն մը:
ՀՕՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ