
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորը, գործակցութեամբ Կլէնտէյլի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին՝ կը ներկայացնէ գրական-գեղարուեստական երեկոյ մը, նուիրուած՝ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100 ամեակին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Դեկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4։30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 211 W. Chestnut St, Glendale, CA 91204:
Մուտքը ազատ է։