
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ՝ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻՆ
Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ներկայ եղաւ Ֆրեզնոյի մէջ գործող Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակի հիմնադրութեան 10ամեակին եւ նոյն ատեն անոր առաջին պատուոյ հիւպատոս, իսկ ներկայիս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան կազմի անդամ Պերճ Աբգարեանին՝ ազգային եւ պետական այս կառոյցին ճամբով անոր մատուցած տասնամեայ ծառայութեան նուիրուած հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան հայ եւ օտար հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պետական այրեր, շրջանի դիւանագիտական, արդարադատութեան եւ ապահովական մարզերու պաշտօնատարներ ու պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ, ազգային կառոյցներու եւ հայկական թէ օտար միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:


Հանդիսութեան ընթացքին առաջնորդը ընթերցեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին Օրհնութեան գիրը՝ ուղղուած Պերճ Աբգարեանին, պատուոյ հիւպատոսարանին հաստատման 10ամեակին առիթով եւ բարձր գնահատանքի արժանացուց Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Աբգարեանի դիւանագիտական տասնամեայ ծառայութիւնը՝ նշեալ գրասենեակին ճամբով Հայաստանի հզօրացման եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ անոր հայրենաշէն նախաձեռնութիւններուն ու հետապնդած ծրագիրներուն համար, միաժամանակ շնորհաւորելով տասնամեայ գործունէութիւնը գրասենեակին եւ Աբգարեանին մաղթելով ազգային ու հայրենանուէր բարեբեր աշխատանքի նոր տասնամեակներ:

