

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, երկու միաբան հայրեր՝ Տաճատ վրդ. Աշըգեան (դիւանապետ կաթողիկոսարանի) եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ Դպրեվանքի), արժանացան հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն։ Տուչութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան. խարտաւիլակն էր Ստեփանոս Ծ. վրդ. Փաշայեան։
Արարողութեան ընթացքին, երկու վարդապետները ծնրադրած՝ հրաժարեցան չար հերձուածներէն եւ նզովեցին հերետիկոսները, իսկ ձեռնադրիչ արքեպիսկոպոսը կատարեց յաւուր պատշաճի աղօթքները։ Վարդապետ հայր սուրբերը միասնաբար արտասանեցին հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը (Հաւատոյ Հանգանակը), վերանորոգեցին Աստուծոյ, ազգին եւ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան ծառայելու իրենց ուխտը եւ ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները։


Հուսկ, սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։ Ան ըսաւ, որ անորոշութեամբ եւ վտանգներով լեցուն մեր կեանքի պայմաններուն մէջ ծայրագոյն վարդապետական աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը կը պայծառացնէ մեր յոյսը, մանաւանդ ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ երբեմն կեանքի մէջ կը պատահին խարխափումներ եւ շեղումներ, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ հաւատքով ոգեւորուած նոր ոյժեր, որոնք կը միանան մեր միաբանութեան շարքերուն եւ առիթ կ՛ընծայեն, որ հայրապետական այս Սուրբ Աթոռը նուիրումով շարունակէ իրեն վստահուած ծառայական առաքելութիւնը։
Խօսքը ուղղելով նորընծայ երկու ծայրագոյն վարդապետներուն՝ Շահէ արքեպիսկոպոսը նշեց, որ ծայրագոյն վարդապետական կարգ ստանալը պատիւ է, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ մեր կեանքին փառքը ծառայութիւնն է։ Առ այդ, ան թելադրեց նորօք ձեռնադրեալ ծայրագոյն վարդապետներուն այս պահը ընկալել իբրեւ մարտահրաւէր՝ աւելի մեծ պարտականութիւններ ստանձնելու եւ այդպիսով փառաւորելու Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը եւ մեր ժողովուրդին յարատեւութեան համար գործող Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան վաստակը։ Ապա, մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանի 5րդ գլխուն 16րդ համարը, ուր Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թելադրէ այնպէս փայլիլ, որ մարդիկ անոնց բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Հայրը, Շահէ արքեպիսկոպոսը քաջալերեց Աւետարանի քարոզութիւնը կատարել առաւելաբար սուրբ վարքով ու կենցաղով՝ «գէթ դո՛ւք պէտք է կարենաք ձեր կեանքով շողացնել Աւետարանէն հոսող Աստուածային լոյսը, միշտ յիշելով, թէ հոգեւորականը, եկեղեցւոյ կեանքին բերած իր մասնակցութեամբ, իր աշխատանքներուն ու ծառայութիւններուն ճամբով, պէտք է մոմի պէս հալի, խունկի պէս այրի, աղի ու թթխմորի պէս լուծուի, որպէսզի իր անձին մէջէն Աստուածային զօրութիւնը իբրեւ լոյս ճառագայթէ եւ այդպիսով գեղեցկացնէ ու վսեմացնէ շրջապատն ու կեանքը», ընդգծեց ան։

Վերջապէս, սրբազան հայրը շնորհաւորեց վեհափառը, միաբանութիւնը եւ մեր ժողովուրդը՝ յիշեցնելով, որ յատկապէս մեր Սուրբ Աթոռը եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցին կարիքը ունին նուիրեալներու, որպէսզի ազգովին մեծնանք, առաւել եւս բարձրանանք ու հասնինք Աստուծոյ փառքին:
Յաւարտ Ս. պատարագին, Հայրապետական թափօրը բարձրացաւ վեհարանի դահլիճը, ուր կաթողիկոսը Տաճատ Ծայրագոյն վարդապետ Աշըգեանին եւ Պարոյր Ծայրագոյն վարդապետ Շէրնէզեանին տուաւ իր հայրական եւ հայրապետական օրհնութիւնը, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին նորընծայ ծայրագոյն վարդապետ հայր սուրբերը։