Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով, հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական նիստ մը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Խորհրդակցութեան հիմնական թեման Լիբանանի իրավիճակն էր եւ անկէ բխած հետեւանքները դիմագրաւելու հաւանական միջոցները։
Արամ Ա. բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդգծեց, որ հոգեւոր պետերու միջեւ խորհրդակցութիւնները եւ անկէ բխած յայտարարութիւնները հետեւողական բնոյթ ունին եւ կ՛արծարծեն համայն հայութեան վերաբերող հարցեր։ Այս գծով ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ երեք հոգեւոր պետերու միացեալ յայտարարութիւնը, որ ՔՈՓ29-ի առիթով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման, անոր հաւաքական վերադարձի հրամայականին եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջին սկզբունքային կէտերը ներառած էր։
Վեհափառը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ամսական հերթականութեամբ կը գումարեն խորհրդակցական հանդիպումներ՝ համայնքին հարցերը միասնաբար քննարկելով։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ Վատիկանի մէջ հայկական գործօնին, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Լիբանանին ու քրիստոնեայ համայնքներուն վերաբերող աշխատանքներուն՝ շեշտելով Վատիկանի եկեղեցական շրջանակներուն եւ եւրոպական ու ասիական ցամաքամասերուն մէջ հայ երեք հոգեւոր պետերուն միացեալ յայտարարութեան գտած լայն հնչեղութիւնը։ Հոգեւոր տէրը կարեւոր նկատեց կրթական մարզի կազմակերպման եւ օժանդակութեան հարցը՝ Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններու լոյսին տակ։
Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վերապատուելի դոկտ․ Փօլ Հայտոսթեան զուգահեռ գծեց Արցախի եւ Լիբանանի նկատմամբ եկեղեցական շրջանակներուն եւ միջազգային խորհրդաժողովներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան տարողութիւններուն միջեւ եւ կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մօտեցումներուն վրայ։
Այնուհետեւ, յետ խորհրդակցութիւններու ու քննարկումներու, ժողովականները շեշտեցին հետեւեալները՝
– Անհրաժեշտ է նոյն հետեւողականութեամբ եւ հերթականութեամբ շարունակել միասնական համակարգուած աշխատանքը՝ քննարկելու համար Լիբանանի հայ համայնքին դիմակայած ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցները։
– Հետզհետէ ահագնացող գաղթականական ալիքին դիմաց բարեսիրական կազմակերպութիւններու ճամբով շարունակել օժանդակութեան աշխատանքները։ Այս առումով ողջունելի է միջբարեսիրական խորհրդակցութիւնները եւ անոնց տարած աշխատանքները հայահոծ թաղամասերու շրջակայքը հաստատուած գաղթականութեան կարիքներուն օժանդակելու։
– Առաջնահերթութիւն նկատել լիբանանահայ համայնքի կրթական ու միութենական կառոյցները՝ զանոնք նկատելով համասփիւռքեան առումով մարդուժի արտադրութեան կարեւորագոյն կեդրոնները։
– Խորհրդակցութեան հանդիպումիբ մանակցողները անյետաձգելի նկատելէ ետք զինադուլի հաստատումը եւ նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւնը, 22 Նոյեմբերի առիթով ողջունեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը՝ շեշտելով Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման ու այդ առաջադրանքներուն համար ներքին համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը։