
Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից համախմբում, որուն ներկայ եղան թեմի ծուխերու քահանաները եւ հոգեւոր հովիւները: Մինչեւ յետմիջօրէ, հոգեւոր ժողովականները համապատասխան օրակարգով համախումբ քննարկում եւ գնահատականներ տուին՝ իրենց շրջաններուն մէջ հոգեւոր, ազգային, կազմակերպական եւ յարաբերական մարզերու աշխուժացման ի նպաստ:
Համախմբումի բացման աղօթքը եւ ողջոյնի խօսքը կատարելէ ետք, սրբազան հայրը հանդէս եկաւ խորհրդածութիւններով, յատուկ կերպով մատնանշելով եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ քահանաներուն կարեւորութիւնը համայնքի հոգեւոր ու ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ծուխերու հոգեւոր հայրերու եւ իրենց հօտի զաւակներուն միջեւ յարաբերութիւններու ծիրի ընդլայնման ու կապերու սերտացման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը աւելի լայն մասնակցութիւն բերէ իր շրջանի եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեանքին:

Ընթանալով համապատասխան օրակարգով, ժողովը յետ սերտողութեան նաեւ քննարկեց հոգեւորականաց «Ուղեցոյց»ը եւ որոշ նորութիւններու լոյսին տակ որդեգրեց կիրարկման նոր ձեւեր, ապա քննարկման առարկայ դարձուց ծխական շրջաններու ընդհանուր պատկերացման հարցախոյզը եւ անդրադարձ կատարեց հովուական մարզը շահագրգռող հարցերու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի մէջ ծառացած մարտահրաւէրներու: Այս բաժինը իր լրումին հասաւ առաջնորդին եզրափակիչ խօսքով եւ փակման աղօթքով:
Համախմբումի աւարտէն ետք, Գեղամ արքեպիսկոպոսը առանձին-առանձին տեսակցութիւններ ունեցաւ քահանաներուն հետ եւ իւրաքանչիւրին փոխանցեց իր հայրական յորդորները, օրհնութիւնները եւ բարի մաղթանքները: