
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 24 Նոյեմբերին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի X-ի իր էջին վրայ հրապարակած է Իրանի Արեւմտեան Ատրպէյճանի (Ատրպատական) նահանգի քարտէսը, որուն քով գրած է՝ «Միա՛կ եւ միա՛յն»։
Ըստ էութեան, դեսպանը կը հակազդէ Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ներկայացնելու՝ Ատրպէյճանի կեղծ թէզերուն:
Աւելցնենք, որ ի տարբերութիւն հայերէնին՝ ֆրանսերէնով թէ՛ Ատրպատականին եւ թէ Ատրպէյճանին կը տրուի նոյն անուանումը՝ Azerbaïdjan, ինչպէս անգլերէնով՝ Azerbaijan, ինչ որ դիւրացուցած է դեսպանին՝ իր միտքը բանաձեւելու հարցը։