Նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, 27 Նոյեմբերին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Մայր Աթոռի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի ազգային բարերար Ճերի Թրբանճեանի թաղման արարողութիւնը: Մեծանուն բարերարը իր մահկանացուն կնքած էր Նոյեմբերի սկիզբը, Լոս Անճելըսի մէջ:
Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ օրեր առաջ հանգուցեալի հարազատներուն ընկերակցութեամբ ժամանած էր Հայաստան:
Թաղմանական կարգի աւարտին, վեհափառ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի հարազատներուն եւ մտերիմներուն, վեր առնելով լուսահոգի Ճերի Թրբանճեանի բազմավաստակ եւ ազգաշահ իրագործումները:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ