Սիրելի վարդապետ, Կլէնտէյլի Հայ կաթողիկէ համայնքի կեանքին մէջ իրագործումներով լեցուն եւ միեւնոյն ատեն վարչականօրէն փոթորկոտ տասնամեակի մը յաջորդեց ձեր հովուապետութեան յարաբերաբար խաղաղ ու անկնճռոտ ժամանակաշրջանը։ Մենք ատոր մէջ նշմարեցինք Նախախնամութեան ձեռքը։
Դեռ պատանի ձեր հասակէն քահանայութեան կոչումը զգալով, ձեր բարեպաշտ ծնողքին առաջնորդութեամբ ձեր քայլերը ուղղեցիք Լիբանանի Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքը։ 1966, Հռոմ՝ Կրեկորեան աստուածաբանական ու փիլիսոփայական համալսարանը եւ ապա «Քասլիք» եւ Սէն Ժոզէֆ քահանայապետական համալսարանները աւարտելէ ետք, 1975ին Գերմանիոյ Ռեկընպըրկ համալսարանը աստուածաբանութեան մէջ ձեր դոկտորականը պատրաստեցիք, դասախօս ունենալով ներկայ քաղանայապետ Պենէտիքթ 16րդը։ Նախախնամական այդ հանդիպումէն կը սկսին եղբայրական ձեր սերտ կապերը Հռոմի գահակալին հետ։
1985ին, Դամասկոսի մէջ Գասպարեան կաթողիկոսի ձեռամբ, կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուեցաք։ Տարի մը հոն պաշտօնավարելէ ետք, Պուրճ Համուտ նշանակուեցաք հովիւի ձեր պաշտօնի կողքին ձեռնհասօրէն վարելու Եկեղեցական ատեանի քարտուղարութիւնը։ Ապա՝ Այնճար ու Զահլէ շարունակեցիք աստուածահաճոյ ձեր առաքելութիւնը։ 1990ին ներքին մատակարար նշանակուեցաք Զմմառու վանքին, նոյն շրջանին հաւատամքի տոկմա դասաւանդելով Քասլիքի քահանայապետական համալսարանի աստուածաբանական բաժինը։
1992ին ժողովրդապետ նշանակուեցաք Մարսիլիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Իսկ 1995ին Հռոմի «Լեւոնեան» դպրեվանքի մեծաւորի պատասխանատու պաշտօնին կանչուեցաք։
1998ին, Տիթրոյիթի Ս. Վարդան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը վարեցիք։ Իսկ Սեպտեմբեր 2005էն ի վեր որպէս Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հրաշքի համազօր գործունէութեան լծուեցաք, խաղաղեցնելով հաւատացեալներուն փոթորկած հոգիները։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խուսափելով շարքային հարցազրոյցներուն քլիշէ դարձած մտքերէն, պիտի ուղղակի անցնիմ էականին։ Քիչ առաջ, մեր յառաջաբանին մէջ, Նախախնամութեան վերագրեցինք Հռոմի պապին աշակերտելու ձեզի ընծայուած պատեհութիւնը։ Եւ կիրակի օրուան ձեր քարոզով հաւատացեալները իրազեկ դարձան պապին հրաւէրով ձեր Հռոմ մեկնումին։ Ի՞նչն էր դրդապատճառը պատմական բացառիկ այդ այցելութեան։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Չսկսած, թոյլ տուէք որ շնորհակալութիւն յայտնեմ ձեզի այս հարցազրոյցին համար։
Իսկ ձեր հարցումին պատասխանելով կ՚ուզեմ յստակացնել կարեւոր կէտ մը, որ ՔասԹէլ Կանտոլֆոյի իր ամարանոցին մէջ Սեպտեմբերեան մեր հանդիպումը Սուրբ Քահանայապետին հետ եզակի կամ սոսկ պատահական բնոյթ չունէր։ Անցեալ երեսուն տարիներու ընթացքին գոյացած ու զարգացած է իւրայատուկ յարաբերութիւն մը անցեալի մեր դասախօսին ու ներկայիս՝ Կաթողիկէ ընդհանրական եկեղեցւոյ պետին ու իր աշակերտներուն միջեւ։ Նախախնամական իմ հանդիպումս ապագայ Ս. պապին եւ գոյացած, ծաղկած մտերմութիւնը անոր հետ, քահանայական իմ կոչումս դրոշմեց ու հարստացուց։ Խոնարհութեամբ կ’ուզեմ նշել, որ Ս. քահանայապետը իմ անձէս դուրս ծանօթ է նաեւ ընտանիքիս անդամներուն եւ մասնաւորապէս իմ հայ ինքնութեանս։
Հետեւաբար, մեր վերջին հանդիպումը արդէն սովորութիւն դարձած հանդիպումներու շարքին կարելի է դասել։ Մեզի համար յուզիչ անակնկալ մըն էր, որ Հռոմի գահակալը հակառակ իր խճողուած ժամանակացոյցին, դեռ առիթը պիտի ստեղծէր հանդիպելու նախկին աշակերտներէն «ընտրեալներու» եւ համախոհներու իր խմբակին։
Հ.- Ըստ ձեր տուած բացատրութեան, Սրբազան քահանայապետին աշակերտած հազարաւոր ուսանողներուն միայն սերուցքը, շատ փոքր կորիզ մը հրաւիրուած էր խիստ մտերմիկ այդ խորհրդաժողովին, մօտաւորապէս ի՞նչ նիւթեր շօշափուեցան հոն։
Պ.- Քահանայապետին մօտ, վաղուց աւանդութիւն դարձած է իր նախասիրած սաներու շրջանակին հետ տարեկան աստուածաբանական հարցեր շօշափող ժողով մը գումարել, որուն կը նախաձեռնէ ու կը նախագահէ նոյնինքն Ս. պապը։
Սոյն ժողովներուն ամէն տարի աստուածաբանութեան հմուտ մասնագէտներ կը հրաւիրուին, խոր ու համապարփակ վերլուծման ենթարկելու ներկայ քրիստոնէութիւնը յուզող աստուածաբանական հարցերը։ Մէկ խօսքով, կը քննարկուի ու կը վերլուծուի հաւատացեալներուս փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։
Մեր վերջին ժողովները շօշափած են հետեւեալ նիւթերը.- Քրիստոնէական հաւատքն ու իսլամութիւնը, արարչագործութիւն ու տարուինիզմ եւ արարչագործութիւն ու հաւատք։
Հ.- Պենէտիքթ պապին հետ ձեր անհատական շփումներու ընթացքին, անոր մօտ նշմարա՞ծ էք հայութեան հանդէպ համակրական զգացումներ։ Պապը ի՞նչ կը մտածէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական միութիւն հաւանական մուտքի մասին։
Պ.- Մեր վերջին հանդիպումին, քահանայապետը ինծի անձամբ հարց տուաւ.
– Հայր Անտո՛ն, ինչպէ՞ս են խնամքիդ յանձնուած բարեպաշտ հայորդիները։
– Լաւ են, հոգեւոր տէր, ձեր արեւշատութեան համար կ’աղօթեն եւ հայրական ձեր օրհնութիւնը կը հայցեն,- պատասխանեցի։
Ս. Պապը.
– Խնդրեմ, հայր սուրբ, հաւաստիացուցէ՛ք ձեր հայ հաւատացեալներուն, թէ քահանայապետը զիրենք կ’օրհնէ ու իր հայրական սիրոյն կ’արժանացնէ…
Հիացմունքի եւ սիրոյ զգացումը եղած է քահանայապետին յաճախակի զեղումներու առանցքը հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Պենէտիքթ 16րդ քաջատեղեակ է մեր պատմութեան եւ անցեալին մեզի դէմ կատարուած խժդժութիւններուն։ Անիկա հայերէն «Մեծ Եղեռն» բառերը կը գործածէ, երբ Ցեղասպանութեան ու ջարդերու կ’ակնարկէ։ Իսկ անոր բացասական կեցուածքը Եւրոպական միութենէն ներս Թուրքիոյ մուտքին, այլեւս հանրածանօթ իրողութիւն է։ Ս. Քահանայապետը Թուրքիան Եւրոպայի սրտին մխուած «օտար մարմին» կը նկատէ։
Հ.- Տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուին միջ-եկեղեցական էքիւմենիք ժողովները։ Ի՞նչ է նոր քահանայապետին կարծիքը Ուղղափառ եկեղեցիներու հետ հաւանական միութեան մը կարելիութեան շուրջ եւ մասնաւորաբար, Հայ եկեղեցւոյ հետ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնելու կապակցութեամբ։
Պ.- Դեռ ուսանողական մեր օրերուն, մեր դասախօս ուսուցիչին մօտ նշմարած էինք յատուկ յարգանք ու մօտիկութիւն Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ խոր համոզումի վրայ հիմնուած փափաք՝ միջ-եկեղեցական բաղձալի միութիւնը վերահաստատուած եւ իրագործուած տեսնելու, համապատասխանելով Քրիստոսի առաջադրած «Մէկ, սուրբ, կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցւոյ» տարազին։
Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու Մարտ 20 2006ի ժողովին, այդ ուղղութեամբ հետեւեալ բառացի յայտարարութիւնը կատարեց Ս. քահանայապետը.
«Եթէ նոյնիսկ զանազան դժբախտ դէպքեր կը վկայեն բաժանումները Հայ եկեղեցւոյ մէջ, սակայն Աստուածային Նախախնամութիւնը պիտի տրամադրէ, որ օր մը նոյն Հայ եկեղեցին վերադառնայ մէկ նուիրապետութեան մէջ եղբայրական համերաշխութեան ու ամբողական միութեան Հռոմի եպիսկոպոսին հետ»։
Հ.- Տիեզերական եկեղեցւոյ ծիրէն ներս մնալով, ի՞նչ է Ս. պապին կարծիքը իրենց կոչումին անարժան այն հոգեւորականներու մասին, որոնք 70-80ական թուականներուն, Ամերիկայի տարածքին եւ այլուր միասեռական անսանձ գործունէութեան լծուած ըլլալով, միլիոնաւոր տոլարներու վնասուց հատուցման մղեցին Կաթողիկէ եկեղեցին։ Ի դէպ աւելցնեմ, թէ կրօնական միւս հաստատութիւնները դժբախտաբար «հականեխուած» չեն սեռային այլանդակութիւններու դէմ։ Անդին, եկեղեցիին հովանաւորութեան տակ գործող բարեսիրական հաստատութիւնները տնտեսական անելի մատնուած են… «Նոստրատամիւս»ի մէջ անցք մը կայ, ուր կը նշուի այդ նո՛յն կղերին հասցնելիք աղէտը Ս. եկեղեցւոյ, երբ անոնք տենդագին պիտի լծուին զիրենք սնանող վանքերը կողոպտելու ստոր արարքին։ Մենք արդէն այդպիսի երեւոյթներու ականատես կ’ըլլանք քիչ մը ամէն տեղ…
Պ.- Անտարակոյս, փշոտ ու ցաւալի այս հարցի առնչութեամբ, Ս. քահանայապետը խորապէս կը ցաւի եւ անոր հայրական սիրտը կ’արիւնի։ Զանազան առիթներով իր արդար ընդվզումը յայտնած է ան։ Քահանայական իրենց ուխտին մէջ սայթաքող կղերականներու հանդէպ անոր բռնած դիրքը Ս. եկեղեցւոյ ուսուցման վրայ հիմնուած կը մնայ, բխելով Եկեղեցւոյ բարիքէն եւ ճշմարտութեան փնտռտուքէն։ Ս. քահանայապետը ջատագովը կը հանդիսանայ հոգեւորական բարոյականութեան եւ կղերին մտաւոր զարգացման ու հոգեւոր ամրացումին, հզօրացումին, ինչ որ ապագային պիտի կանխարգիլէ նման զանցառութիւններ ու հոգեւորական կոչումի անյարիր արարքներ։
Հ.- Գալով մեր եկեղեցիին դիմագրաւած տնտեսական ու կազմակերպչական բնոյթի տագնապներուն, ամիս մը առաջ խորանէն յայտարարեցիք, թէ «Աստուծոյ օգնութեամբ եկեղեցական եւ տնտեսական մարմնի անդամներու նուիրումով այդ հարցերը բարւոք հունի մէջ մտած են…» Այդ ուղղութեամբ կրնա՞ք քիչ մը եւս լուսաբանել հայ ժողովուրդը։
Պ.- Ինչպէս ամէն ընկերային կառոյց, եկեղեցին ալ երբեմն կ’անցնի չնախատեսուած տագնապներէ ու տնտեսական-կազմակերպչական դժուարութիւններէ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին ալ իր կարգին ենթարկուեցաւ նման տագնապներու։ Անցեալին տրուած կարգ մը սխալ որոշումներ յառաջացուցին այս անբաղձալի երեւոյթը։
Արդ, եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան պարտականութեանց մէջ կ’իյնար ստեղծուած անբաղձալի կացութեան լուծում գտնել։ Ինչ որ ժամանակի եւ անձնուրաց մարդոց զոհողութեան կը կարօտէր։ Իմ աշխատանքս կը կայանար՝ նախ վերականգնել փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտը եկեղեցւոյ ու բարեպաշտ ժողովուրդին միջեւ, ապա՝ վերահաստատել մարդկային, եկեղեցական, ծիսական ու կանոնական մթնոլորտը։ Միեւնոյն ատեն փորձեցի լուծումներ գտնել տնտեսական փշոտ հարցերուն։ Աստուածային նախախնամութիւնը եւ անձնազոհ անդամները եկեղեցական եւ տնտեսական մարմիններու անշահախնդիր մօտեցումը տուեալներ գոյացուցին մեր դէմ ամէն քայլափոխին ցցուող տնտեսական ու կազմակերպչական հարցերը բարւոք կերպով լուծելու։
Հ.- Լոս Անճելըսի հայ համայնքին մօտ շշուկներ շրջեցան, թէ Կլէնտէյլի մեր եկեղեցին foreclosur-ի պիտի երթայ, պարզ հայերէնով՝ պարտքերու դիմաց աճուրդի պիտի դրուի։ Ովքե՞ր էին այդ ստապատիր լուրերը տարածողները եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէին։
Պ.- Անկեղծ ըլլալու համար, անձամբ անտեղեակ եղած եմ շրջող շշուկներուն։ Սակայն կրնամ երեւակայել որոշ հոսանքներ, որոնք եկեղեցական պատմութեան անտեղեակ ըլլալով, իրենց երեւակայութեան թափ տալով, կը փափաքէին տեսնել քանդումը հայկական շքեղ այս կառոյցին եւ անկէ անդին՝ քայքայումը հայ կաթողիկէ համայնքին։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ չէ պատահած դէպք մը, երբ հայ եկեղեցի մը աճուրդի դրուի…
Հ.- Առանց բացառութեան, գրեթէ բոլոր կրօնական հաստատութիւններու մօտ, կղերին հակաօրինական արարքներն ու բարոյական խախտումները ծածկելու միտում մը կը նշմարուի։ Օրինակներով խօսինք։ Եթէ ընկերութեան մը կամ թանգարանի մը աշխարհական տնօրէնը դրամական զեղծում կատարէ կամ թանկարժէք իրեղէններ իւրացնէ, բանտ կ’երթայ։ Սակայն կղերական մը նոյն յանցանքները գործելուն համար ներումի կամ միայն սաստումի կ’արժանանայ։ Արդեօք կիրարկուող բարոյական տարբեր չափանիշները հոգեւորական կոչումներու պակասէ՞ն առաջ կու գան, թէ մեր հասարակութեան բարոյական սնանկութենէն։
Պ.- Ձեր հարցադրումը սրտցաւ մտաւորականի ցաւի ճիչ է երկու չափ երկու կշիռի կիրարումին դէմ։ Այս հարցին մէջ ձեզի հետ ամբողջութեամբ համակարծիք եմ։ Բացարձակապէս կը մերժեմ ոմանց մօտ օրինաչափ դարձած «բարոյական խախտումներ» ծածկելու անվայել միտումն ու փորձերը։ Սակայն, կ’ընդունիմ նաեւ, որ զանազան պարկեշտ միջոցներ եւ միջոցառումներ կը գտնուին, «բարոյական խախտումը» արդարացի եւ պատշաճ կերպով լուծելու։ Անհրաժեշտ չէ հարցը գայթակղութեան վերածել։
Անկախ մէկու մը դիրքէն, երբ հոգեւորական մը զեղծումներու մէջ կը յայտնուի ու կը մերժէ իր գործունէութեան մէջ թափանցիկութիւն մտցնել, անհրաժեշտ է, որ այդ անձը անպայման խիստ հաշուետուութեան կանչուի։
Այսպիսի պայմաններուն տակ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներքին կանոնագիրը կը պահանջէ որ պատասխանատու եպիսկոպոսը պատիժներ սահմանէ նման զանցումներ կատարող կղերականներուն։
Հ.- Ժամանակին, այսինքն Ցեղասպանութենէն առաջ Հայ կաթողիկէ համայնքն ալ տէր հայրներու դրութիւն ունեցած է ժողովուրդին հոգերով զբաղելու համար։ Յաճախ հիացումով կը դիտենք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրաստած քահանաներու գործունէութիւնը։ Օրինական ամուսնութեամբ՝ պատուաստուած ըլլալով կարգ մը կուսակրօններուն հոգեկան անդորրը խանգարող զգացական բնոյթի խարխափումներուն դէմ, մեր ճանչցած տէր հայրերը կոչումի գիտակցութեամբ ու գործքով բնաւ ետ չեն մնար կարգ մը կուսակրօն վարդապետներէն ու բարձրաստիճան եկեղեցականներէն… Ինչո՞ւ մեր առաքելական եղբայրներուն նման չենք վերադառնար (ամուսնացեալ) քահանայութեան առողջ դրութեան, քանի որ կ’ըսուի, թէ նոր կոչումներու եւ կուսակրօն վարդապետի սով կայ…
Պ.- Մինչեւ 1911ի Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ունէր հին աւանդութեան վրայ հիմնուած տէր հայրերու դրութիւնը։ Եւ ըստ աստուածաբանական մեր ըմբռնողութեան, կուսակրօնութիւնը իւրայատուկ կոչում է։ Կուսակրօնութիւնը հիմնուած է ենթակային անձնական որոշումին վրայ, հիմնուած անոր գաղափարական ըմբռնողութեան վրայ։ Այս տուեալներու վրայ հիմնուելով ու քահանայական կոչումներու սակաւութիւնը նկատի ունենալով, արդէն իսկ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, տասնեակ տարիներ առաջ, իր կարգին ընդունեց տէր հայրերու դրութեան վերադառնալ։ Այժմ մեր համայնքէն ներս տասնեակ մը ամուսնացած քահանաներ կը գործեն Եկեղեցւոյ փառքին եւ հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն հասնելու համար։
Հ.- Գրեթէ կէս դարէ ի վեր, մօտէն հետեւած ենք հայ կղերին գործունէութեան, բոլոր մակարդակներու վրայ։ Ծանօթ ենք հայ կաթողիկէ կղերին թէ՛ ուժին եւ թէ մեր եկեղեցին քրոնիկ կերպով խոցող դժուարութիւններուն։ Այսօր Հայ առաքելական եկեղեցին ըստ իր սահմանադրութեան, եկեղեցւոյ տնտեսական հոգը յանձնած է աշխարհականներուն։ Փոխարէնը, երբ մեր կղերին ուսին ծանրացող այդ բեռը վերցնելու միտումով, յանկարծ դոյզն ակնարկութիւն մը կատարենք, վատամարդ դառնալէ զատ, կրնանք եկեղեցիէն ալ վտարուիլ։ Ձեր նախորդներու օրով, Ս. եկեղեցւոյ փառքին համար աշխատող ձեռքեր անխնայ կտրուեցան եւ մտաւորական ուժեր լռութեան մատնուեցան։ Եկեղեցւոյ ծոցէն ներս, ժողովուրդը թափանցիկութիւն կ’ուզէ տեսնել։ Ինչո՞ւ մենք ալ մեր կղերին տրուած բացարձակ իշխանութեան մէկ մասը ժողովուրդին չենք վերադարձներ, ինչպէս Վատիկանեան Տիեզերական ժողովը երեսուն տարի առաջ կը թելադրէր…
Պ.- Ձեր հարցումը մասնակի բնոյթ ունի եւ գուցէ հիմնուած է տեղական ժխտական ձեր փորձառութեան վրայ, երեւոյթ մը, զոր կարելի չէ ընդհանրացնել։ Աշխարհի չորս կողմը Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը զանազան ժողովրդապետութիւններ ունի, որոնց վարչական կազմը բաղկացած է աշխարհականներէ։ Ըստ մեր ներքին կանոնագրութեան, պայման է, որ ամէն ժողովրդապետութիւն ունենայ իր եկեղեցական կամ ծխական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսականը։ Ունինք նաեւ տարբեր միութիւններ ու յանձնախումբեր, որոնք կը գործեն ժողովրդապետին հովանիին տակ։ Անշուշտ թէ զանազան ձեւեր գոյութիւն ունին այդ գործակցութիւնը բարելաւելու։ Ըստ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսուցումին եւ սահմանադրութեան, ժողովրդապետը գլուխն է իր եկեղեցիին եւ հետեւաբար անոր յանձնուած է իշխանութիւնը «սրբացնելու», «քարոզելու», «ուղղելու», եւ «կառավարելու» եւ վերջնական պատասխանատուութիւնը կը մնայ անոր ուսերուն ծանրացած եւ ոչ թէ աշխարհականի մը։
Այս կէտին մէջ բոլորովին կը տարբերինք Առաքելական եկեղեցիէն։ Կը գտնուինք եկեղեցական տարբեր ըմբռնումներու առջեւ։