Քանի մը շաբաթ առաջ, ամբողջ Ամերիկան ականջալուր դարձաւ այն ցաւալի դէպքին, երբ ծանր հիւանդութենէ տառապող Նաթալի Սարգիսեան մահացաւ: Ընթացիկ մահ մը չէր այս, որովհետեւ հարցը կը վերաբերէր առողջապահական ապահովագրութեան Cigna ընկերութեան, որ մինչեւ վերջին պահը մերժած էր հոգալ լեարդի պատուաստումի ծախսերը: Ընկերութիւնը իր կեցուածքը փոխեց միայն մետասաներորդ ժամուն, երբ արդէն շատ ուշ էր:
Ամերիկայի մէջ առողջապահական ապահովագրութեան խնդիրը շատ լուրջ է: Զարգացած եւ մինչեւ իսկ թերզարգացած երկիրներու մէջ, պետութիւնը ինքն է, որ կը հոգայ իր քաղաքացիներուն առողջապահութեան ծախսերը: Բազմաթիւ պետութիւններու մէջ, պետականին կողքին կը գործեն նաեւ ապահովագրութեան մասնաւոր ընկերութիւններ:
Սակայն Մ. Նահանգներու մէջ, միմիայն մասնաւոր ընկերութիւններն են, որ առողջապահական ապահովագրութիւն կը տրամադրեն՝ համապատասխան վճարումի դիմաց: Այս ընկերութիւնները հիմնուած չեն քաղաքացիներու առողջութիւնը պահպանելու, հիւանդութեան պարագային զանոնք բուժելու մարդկային վեհագոյն զգացումներէ մղուած: Անոնք առեւտրական բնոյթի ընկերութիւններ են, որոնք հետամուտ են դրամական շահի եւ ուրիշ ոչ մէկ բանի: Ինչպէս մէկը կօշիկի խանութ կը բանայ դրամ շահելու եւ ապրուստ ապահովելու, ուրիշներ, քով-քովի եկած, առողջապահական ապահովագրութիւն կը ծախեն՝ դրամ շահելու նպատակով: Առեւտուրը առեւտուր է, չէ՞: Այսքան պարզ…:
Այս օրերուն, Ամերիկայի մէջ, այս հարցը նախագահական նախնական ընտրապայքարի նիւթերէն մէկն է: Եւ տրուած ըլլալով, որ այս երկրին մէջ չկայ պետութեան կողմէ տրամադրուող առողջապահական ապահովագրութիւն, դրամական շահերն են, որոնք կը ճշդեն քաղաքացիներուն համար մահու-կենաց խնդիրները: Նաեւ, այսօր, աւելի քան երբեք, մեծ ընկերութիւնները անհամեմատօրէն ուժեղացուցած են պետութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ իրենց ազդեցութիւնը: Ուրեմն, առողջապահութեան հարցը եւս սկսած է սրիլ:
Մենք կը հաւատանք, որ պետութիւնը ի՛նք պիտի հոգայ իր քաղաքացիներուն առողջապահական կարիքները: Իսկ հո՞ս: Կը թուի, թէ ամերիկացի ժողովուրդը տակաւին շատ երկար պիտի պայքարի այս տարրական իրաւունքը ձեռք ձգելու համար: Այնպէս որ, հարցը միայն Նաթալի Սարգիսեանը չէ: