
Շաբաթ, 23 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց համալիրի «Աւետիսեա»ն սրահին մէջ նախագահեց թեմի սարկաւագներու համախմբումին, որուն ներկայ եղան նաեւ հոգեւոր հայրեր:
Տէրունական աղօթքէն ետք, սրբազան հայրը արտասանեց սրտի խօսքը, ողջունեց խմբուած սարկաւագները եւ անոնց հետ մօտէն ծանօթանալու առիթը, ապա ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական յորդորները՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ, սարկաւագները կարեւոր դեր ունին:


Օրինակներով համեմելէ ետք իր խորհրդածութիւնները, Գեղամ արքեպիսկոպոսը շեշտեց եկեղեցական ծիսակատարութեան անթերի իմացութեան անհրաժեշտութիւնը՝ բացատրելով, որ հայկական եկեղեցական ծէսը խորհրդանշական արարողութիւն ըլլալու կողքին նաեւ կարգ ու կանոն, ճշգրտութիւն եւ չափաւորութիւն է եւ թէ այս բոլորին մասին պէտք է լաւագոյնս տեղեակ ըլլան Ս. խորանին ծառայող սարկաւագները:
Ապա, Գեղամ արքեպիսկոպոսը ականջ տուաւ սարկաւագներու հարցումներուն, որոնց ան պատասխանեց սպառիչ կերպով: Համախմբումի աւարտին, առաջնորդը եւ սարկաւագները եղան ճաշի հիւրը եկեղեցւոյ հովիւին ու Հոգաբարձութեան: