Կիրակի, 1 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, կատարեց դպրաց ձեռնադրութիւն եւ քարոզեց՝ պատարագիչ ունենալով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանը:
Ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ծնողներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Յընթացըս Ս. պատարագի, սրբազան հայրը դպիր ձեռնադրեց թեմի եկեղեցիներու մէջ ծառայող 16 նուիրեալ պատանի եւ նորելուկ երիտասարդներ՝ Յովհան Համալեան, Վահան Մինասեան, Հրանդ Մինասեան, Սեւակ Քիւրքճեան, Մեսիա Քէսպէրեան, Թովմաս Նալճեան, Տարօն Նալճեան, Յարութ Նալճեան, Մելքոն Մանամշեան, Գրիգոր Գիւզուքարայեան, Յովսէփ Կարապետեան, Էմանուէլ Չաքպարտարեան, Շանթ Չաքպարտարեան, Ճոնի Եսայեան, Ռազմիկ Յովասափեան եւ Նորիկ Սահակեան, որոնք երկիւղածութեամբ բոլորուեցան Գեղամ արքեպիսկոպոսի շուրջը եւ մասնակից դարձան արարողութեան:


Առաջնորդին քարոզը սկիզբ առաւ աստուածաշնչեան առաջին Սաղմոսի առաջին համարով, ուր կ՛ըսուի, թէ երանելի է այն մարդը, որ անօրէններուն խորհուրդով չի քալեր, մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, զԱստուած ծաղրողներուն եւ անարգողներուն հետ չի նստիր, այլ իր ուրախութիւնն ու վայելքը կը գտնէ Աստուծոյ օրէնքին մէջ եւ կը նմանի առատ ջուրերու քով տնկուած այն ծառին, որ իր ժամանակին իր պտուղը կու տայ:
Ձեռնադրեալ տղոց բացատրելէ ետք, որ միայն Աստուծոյ ճամբուն մէջ ըլլալը կը փրկէ մարդս բոլոր տեսակի չարիքներէ եւ ծանր փորձութիւններէ՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց եկեղեցական արարողակարգին մէջ դպիրներու համար կարեւորութեամբ վերապահուած պաշտօններու մասին՝ իբրեւ առաջին աստիճանի վրայ կանգնած նուիրեալ դպիրներու պարտականութիւններ, ինչպէս՝ Ս. Գիրքէն սաղմոս կարդալ, եկեղեցւոյ գաւիթն ու խորանը աւելով մաքրել, լոյսերն ու ջահերը վառելով եկեղեցին պայծառացնել եւ ժողովուրդին առաջ բանալ եկեղեցւոյ դուռը՝ միաժամանակ դիտել տալով, որ դպիրները նաեւ հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ՝ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման համար, եւ թէ՝ ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին տղոց մազերը կտրելը խորհրդանշական իմաստ ունի եւ կը նշանակէ՝ աշխարհիկ կեանքէն հաւատքով հրաժարիլ եւ մտնել Աստուծոյ ճամբուն մէջ:
Շարունակելով իր քարոզը, առաջնորդը նաեւ ընդգծեց ծնողներու կողմէ իրենց որդիներուն մատուցուած դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ այս տղոց առաջին դաստիարակները իրենց ծնողներն են, որոնք իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն դէպի աստուածահաճոյ ապրելաձեւ, հետեւաբար, ընտանիքները եւ ծնողները մեծ դեր ունին իրենց զաւակներու բարոյական դաստիարակութեան մէջ:
Հուսկ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց 16 նորոգ ձեռնադրեալներու ծնողները եւ հարազատները ու գնահատեց անոնց վարքը՝ իրենց մանչ զաւակները ծառայութեան մղելու դէպի Աստուծոյ տաճարը եւ ժողովուրդի ծառայութիւնը, ապա հոգեւոր հայրերու եւ մանաւանդ Խրիմեան Հայրիկի խօսքերն ու պատումները դարձնելով ուսանելի օրինակներ՝ ան հաւատքի մէջ հզօրանալ յորդորեց ձեռնադրեալներուն եւ օրհնեց զանոնք՝ իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ Քրիստոսի եւ Անոր եկեղեցւոյ մի՛շտ մօտիկ մնալու հայրական ջերմ մաղթանքով: