ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Բնապահպանութեան նախարարութիւնը «Անհետացման եզրին գտնուող վայրի կենդանական եւ բուսական աշխարհի տեսակներու միջազգային առեւտուրի մասին» (CITES) հռչակագիրին միանալու նպատակով, արտաքին գործոց նախարարութիւն ներկայացուցած է վաւերացման համար անհրաժեշտ թղթածրար մը:
Այժմ բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը համակարգէ «Կարմիր գիրքի լրամշակում» ծրագիրով կատարուող աշխատանքները: Մասնաւորապէս, բուսական եւ կենդանական աշխարհի հազուագիւտ եւ անհետացող տեսակներու արդի վիճակի, տարածուածութեան, կենսաբանական ու բնապահպանական յատկանիշներու բացայայտման, ապրելավայրերու եւ բազմացման վայրերու վիճակի գնահատման եւ քարտէսագրման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներ: