Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շատ մտահոգիչ նկատեց սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը, մանաւանդ որ յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը։
Սաղաթէլեան նշեց, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են հայ համայնքի զանազան պատասխանատուներու հետ, եւ ներկայ դրութեամբ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է: Սուրիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները խոստացած են, թէ քրիստոնեայ համայնքը ապահովական հարցեր պիտի չունենայ, սակայն, տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք կը պահպանուի՞ այդ խոստումը, թէ ոչ. ընդդիմութիւնը, որ իշխանութեան պիտի գայ, շատ բազմաշերտ է եւ տարբեր խումբեր ու տարբեր ուղղութիւններ ունի: