8 Դեկտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մանամայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Ապտ՛ըլ Լաթիֆ պըն Ռաշիտ՛ըլ Զայանիի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ երկու նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Պահրէյնի միջեւ յստակ նախաձեռնութիւններու միջոցով զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներդրումներու խրախուսման միջոցով գործարար կապերու խթանման ուղղութեամբ համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները: Անոնք պայմանաւորուեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու ճամբով նախանշել անհրաժեշտ քայլերը եւ հետագայ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները:
Նախարարները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: Միրզոյեան շեշտեց, որ, հակառակ վերջին տարիներու եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն` Հայաստան առաւելագոյն ջանքեր կը թափէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն միջավայրի ձեւաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով, որուն ուղղութեամբ էական քայլ կրնայ ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ համաձայնագիրին կնքումը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն: