Արցախեան պատերազմին մասին պատմող Շողակաթ Վարդանեանի «1489» վաւերագրական ֆիլմը յաղթող ճանչցուեցաւ Հռոմի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնին, կը հաղորդէ abcmedia.am կայքը։
«Ասիկա յատկապէս պատիւ է, քանի որ դատակազմին նախագահը Սերգէյ Լոզնիցան է։ Իսկապէս մեծ պատիւ է, եւ ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն է», գրած է Շողակաթ Վարդանեան:
Նշենք, որ Հայաստանի շարժապատկերի ազգային ակադեմիան «1489»ը չներկայացուց «Օսքար»ի մրցանակի թեկնածու, հակառակ անոր, որ ֆիլմը 2023ին արժանացած էր Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնի (IDFA) գլխաւոր մրցանակին:
Ֆիլմին ժամանակագրական շրջանը 2020-2022 տարիներն են. անիկա 44օրեայ պատերազմի 7րդ օրը անհետացած Սողոմոնի՝ Շողակաթի եղբօր որոնման պատմութիւնն է։